Ուրուկուէյի ՄԷջ ՀՀ Պատուաւոր Հիւպատոսը Հանդիպած Է Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակից Ուրուկուահայ Մարզիկներուն

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Յուլիս 27-ին Ուրուկուէյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեան ընդունած է 2016 թուականի Ողիմպիական  խաղերուն  մասնակցող Ուրուկուէյի պատուիրակութեան հայ անդամներ Փոլ Աբրահամեանը (ձիւդոյիստ) եւ Մարտին Մելքոնեանը (լողորդ): Ողջունելով հիւրերը` Ռուբէն Աբրահամեան մարզիկներուն յաջողութիւններ  մաղթած է յառաջիկայ խաղերուն ընթացքին:

 

Scroll Up