Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Յաղթական Այցելութիւնը Քեսապ

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Օրը` Հինգշաբթի, 28 Յուլիս 2016: Յետմիջօրէի ժամը 3:00: Նստած հեռատեսիլին դիմաց` կը սպասեմ, որ ժամը 5:00 հասնի, որպէսզի Քեսապի հնամենի, վերանորոգ Ս. Աստուածածին հոյակերտ եկեղեցւոյ առջեւ դիմաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառը:

Ասիկա վեհափառ հօր երկրորդ այցելութիւնն է Քեսապ:

Առաջինը` 2010-ին, Գարատուրան գիւղի նորակերտ, քառաշէն Ս. Աստուածածին (երկրորդ) եկեղեցւոյ օծման արարողութեան համար: Երեք օրեր քեսապահայութիւնը պատւուեցաւ անոր այցելութեամբ, ստացաւ օրհնութիւն ու կատարեց աջահամբոյր:

Այժմ` երկրորդ հովուապետական այցելութիւնը:

Կը հաւատամ, որ Քեսապը վեհափառ հօր սրտին, հոգւոյն եւ մտքին մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած է:

Հաւանաբար անոր ժառանգաւորացի աշակերտութեան գրասեղաններէն` իր դասակից ընկերներէն ճանչցած ու սիրած է Քեսապը:

Կը հաւատամ, որ վեհափառ հայրապետը` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Քեսապին հետ առնչուած երկու յատկանշական հանգրուան ունի:

Առաջին.

Քեսապի գիւղերէն Գարատուրան լայնատարած գիւղը, որ հաւանաբար այդ անուանումը ստացած է լատիներէն «քորիտորիոն» (այդպէս կ՛ենթադրեն ոմանք) բառէն, որ կը նշանակէ անցք, եւ որ իսկապէս իբրեւ հովիտ անցքանման է, իր եկեղեցին` Ս. Աստուածածին երկրորդը, որ վտանգուած էր, անոր տեղ կանգնած էր նորը, քարաշէնը, գեղեցիկը, հայկականը` նուիրատուութեամբ Քեսապի թէ սփիւռքի մէջ բնակող քեսապցիներու: Արդեօք քանի՞ տարիներէ ի վեր նոր եկեղեցի չէր կառուցուած Սուրիոյ` Բերիոյ հայոց թեմին մէջ:

(Ծանօթ: Գարատուրանի Ս. Աստուածածին առաջին եկեղեցին, կիսափայտաշէն, փուլ եկած էր 1937-ին, հողային մեծ սահանքի մը պատճառով):

Գարատուրանի նորաշէն եկեղեցին կ՛օծուէր ձեռամբ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսին:

Քանի մը տարի առաջ քեսապցիք աւարտած էին կառուցումը Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանին, երկրորդական բաժինի նոր շէնքին` իր յարակից սենեակներով (գրադարան, համակարգիչներու դասարան եւ այլն): Կառուցած էին մտքի տունը:

Ապա` վերանորոգած հոգիի տունը, հաւատքի տունը, Աստուծոյ տունը:

Եւ վեհափառ տէրը իր սուրբ խաչով եւ աստուածաշունչ միւռոնով կ՛օծէր նորակառոյց հաւատքի տաճարը:

2011-ին դժուար օրեր կը սկսէին մեր ասպնջական հայրենիքին` Սուրիոյ համար: Կը սկսէր քաղաքական, ապա զինուորական տագնապը, պատերազմը:

Քեսապը անմասն չէր մնար այդ դաւադրական գործընթացէն:

Հնամենի մեր թշնամիին` մեր դրացիին ճիւաղային ախորժակները սրած էին, եւ պահը, քաոսը, իր իսկ փնտռած ու իր իսկ յառաջացուցած, առիթը կ՛ընծայէին իրեն իրականացնելու հնուց փայփայած երազը` ձերբազատիլ սահմանամերձ վերջին սուրիական¬հայկական գիւղէն:

Շինարար եւ խաղաղասէր բնակչութեամբ հայկական գիւղը աչքի փուշ էր արիւնակզակ թուրքին:

«Ոսկեայ» էր առիթը, ճիշդ յար եւ նման 1915-ի Համաշխարհային Ա. պատերազմին. անկրկնելի առիթ:

Եւ 2014-ի Մարտ 21-ին կ՛ոտնակոխուէր Քեսապը` Թուրքիոյ սնուցած, մարզած, զինած եւ Քեսապ առաքած հազար ու մէկ ցեղի պատկանող հրոսակներով: Մազապուրծ ազատեցան քեսապցիք: Աստուածային հրաշքով:

Նախապէս հրապարակաւ յայտնած ենք, որ տեղահանուած քեսապցիներուն առաջին նպաստը, օրհնութիւնն ու օժանդակութիւնը փութացուց Արամ Ա. վեհափառը` ձեռամբ Շահան արք. Սարգիսեանի` առաջնորդ Բերիոյ հայոց թեմին, որ անսակարկ, ընդմիշտ եղաւ իր հօտին հետ ու ցարդ կը շարունակէ ըլլալ: Անշուշտ կրնան անոր միայն երախտապարտ ըլլալ:

Վեհափառ հօր օրհնութեամբ, ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած հայեր, քեսապահայեր փութացուցին իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնները, միշտ` կաթողիկոսութեան միջոցով, յատուկ դասաւորումով եւ բարձր հովանաւորութեամբ վեհափառ հօր:

Առաջին հերթին անոնք եղած էին որպէս շտապ օգնութեան նպաստներ, ապա նպատակաուղղուեցան վերականգնումի բնագաւառին:

Եւ անցնող աւելի քան երկու տարուան ընթացքին տեղահանութեան թէ յետազատագրութեան ընթացքին քեսապցիք միշտ զգացած ու ապրած են գուրգուրանքն ու սէրը, ստացած են օրհնութիւնը վեհափառ հօր, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայրերը, որոնց մէջ նաեւ` քեսապցի միաբաններ, մերթ ընդ մերթ վեհափառ հօր կողմէ գործուղուած էին նախ Լաթաքիա, ուր հաւաքուած էր տեղահանուած ժողովուրդը, ապա նաեւ` Քեսապ, շատ յաճախ գլխաւորութեամբ Շահան արք. Սարգիսեան առաջնորդ սրբազան հօր:

Այո՛, ազատագրութենէն ետք երկու տարիները շուտով թաւալեցան:

Քեսապցիք գօտեպնդուած, օրհնութիւններով, բարոյական թէ նիւթական օժանդակութիւններով կտրեցին վերապրումի դժուարին ճանապարհը: Վերաշինեցին գիւղը, եկեղեցին ու դպրոցը, տունն ու այգին: Եւ չմոռցան առաջին բերքը, առաջին Աստուածածնայ տօնին (վերադարձ) որպէս ընծայ մատուցել Աստուծոյ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Քեսապի ազատագրութենէն երկու ամիսներ ետք:

Քեսապի «վերափոխումն» էր:

Այսօր քեսապցիք արդէն կտրած են որոշ փուլ մը` վերականգնումի ճամբուն վրայ, թէեւ տակաւին հեռու կը մնան տասնեակ տարիներու աշխատանքով հաւաքուած, բայց եւ տեղահանութեան պատճառով կորսնցուցածը գտնելէ:

Երկրորդ.

Վերը գրեցի, թէ նստած հեռատեսիլին դիմաց` կը սպասէի…

Յաղթանակի լուր:

Յաղթանակի լուր Հալէպէն` վիրաւոր, արիւնաքամ, հայաթափուած քաղաքէն:

Յաղթանակ. Սուրիոյ ազգային բանակը կ՛ազատագրէր Պենի Զէյտ կոչուած արուարձանը, ուրկէ ահաբեկիչ թրքաշունչ խմբաւորումները կը ռմբակոծէին Հալէպի ժողովրդային խաղաղասէր թաղերը զանազան տիպի արկերով` հրթիռներ, մահասփիւռ կազի տակառներ (պատերազմի թրքական «գիւտ»)…

Տառապեալ Հալէպի բնակչութիւնը, գէթ` հիւսիսային թաղերը, կը վնասազերծուէին: (Կը մնար Պուսթան փաշա կոչուած վայրը, ուրկէ նոյնատիպ արկեր քարուքանդ ըրին հայաբնակ Նոր գիւղ թաղամասը):

Այս ի՛նչ զուգադիպութիւն:

Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին յաղթական մուտքը ազատագրուած Քեսապ:

Յաղթական մուտք` Կիլիկիոյ վերջին ոստանը:

Ապա Սուրիոյ ազգային բանակի յաղթական մուտք` Պենի Զէյտ արուարձան:

Նորին սուրբ օծութիւնը հովուապետական այցելութեան եկած էր Սուրիոյ ծովափի շրջանը:

Ծովափի Թարթուս նահանգը կը հիւրընկալէր հարիւր հազարաւոր տեղահանեալ սուրիացիներ, եւ մօտ 800 հայ ընտանիքներ, որոնք հոգեղէն սնունդի ծարաւ էին:

Լաթաքիա նահանգը, նոյնպէս մօտ 700 ընտանիքներ` Հալէպէն, Եագուպիյէյէն եւ Ղընեմիյէէն:

Իսկ Քեսապ եւս մօտ 60 ընտանիքներ, նոյնիսկ` Ռաքքա քաղաքէն:

Հալէպ կը հրակոծուէր ահաբեկիչներուն կողմէ, իսկ Եագուպիյէէն եւ Ղընէյմիյէէն աւանները բռնագրաւուած էին անոնց կողմէ` ցիրուցան ընելով այնտեղի հայ բնակչութիւնը:

Վեհափառը կու գար իր հօտին քով ըլլալու, զանոնք հաւատքով, յոյսով ու կամքով լիցքաւորելու:

Նորին սուրբ օծութեան կ՛ընկերակցէին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը եւ խումբ մը կիլիկեան միաբաններ, ինչպէս նաեւ` Ազգային Կեդրոնական եւ Բերիոյ թեմի ազգային վարչութեանց անդամներն ու հոյլ մը ազգայիններ:

Ժամը 5:00: ժամանում Քեսապ:

Պահը խորհրդաւոր էր:

Մուտք` Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ներկայութեամբ խուռներամ բազմութեան:

Գոհաբանական աղօթք:

Փառք ի բարձունս Աստուծոյ:

Եւ յերկիր խաղաղութիւն:

Գերաշնորհ սրբազան հօր խօսք:

Պատգամ եւ օրհնութիւն Արամ Ա. վեհափառ հօր կողմէ` առ քեսապահայ, քեսապաբնակ ժողովուրդին:

Յաղթական պատգամ:

Ես վստահ եմ, որ կաթողիկոսարանի մամլոյ պատասխանատուները հանգամանօրէն (եւ նուաստէս աւելի լաւ ու մանրամասն) կու տան մանրամասնութիւններն ու պատգամը:

Փոխարէնը` մեր հոգիներուն ալեկոծումն ու սրտերուն տրոփումն է, որ կ՛ընդգծենք:

Վեհափառ հօր պատգամին եւ օրհնութեան ծարաւը ունէր իր տունն ու շէնը վերադարձած քեսապահայութիւնը, որ փութացած էր «հօրը տունը»` զանոնք ստանալու:

Փառապանծ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նստավայրէն` Անթիլիասէն, անհամար օրհնութիւններ ջամբած, անհաշիւ նպաստներ առաքած վեհափառը եկած էր անձամբ Քեսապի մէջ քեսապցիին տալու իր օրհնութիւնն ու պատգամը:

Քեսապ, որ երկու տասնեակ օրեր ետք պիտի դիմաւորէր Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, հոգեկան վերափոխում կը ստանար վեհափառէն:

Այո՛, գօտեպնդիչ էր այս անակնկալ այցելութիւնը, որ կը զուգադիպէր վեհափառ հօր գահակալութեան քսանամեակին:

Գօտեպնդիչ էր ու նոր մարտահրաւէր կ՛ենթադրէր:

Մարտահրաւէր` նեցուկ կանգնելու Հայաստան ու Արցախ հայրենիքներուն:

Մարտահրաւէր` հողին, գիւղին, շէնին կառչած մնալու:

Մարտահրաւէր` կրօնական, ազգային, հայրենական…

***
Աջահամբոյրէն ետք, պահընդմէջ, վեհափառ հայրը այցելեց Ազգային Աւետիս Ինճեճիկեան կեդրոն, ուր կազդուրուելու եկած էին տառապեալ Հալէպէն Ազգային պատսպարանի մանուկները, որոնց իր օրհնութիւնը մատուցեց վեհափառը:

Նորին սուրբ օծութիւնը առիթ ստեղծեց նաեւ ըլլալու երիտասարդութեան հետ:

Արդարեւ, իր շքախումբը այցելեց Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի եւ «Քեսապ» պանդոկ-համալիրի միացեալ շրջափակը:

Հոն բանակումի եկած էին Սուրիոյ երիտասարդական միութեան մասնաճիւղերէն աւելի քան հարիւրեակ մը երիտասարդներ, մեծ մասամբ վտանգալից եւ երկար ճամբայ կտրած` Հալէպէն: Բանակումը կոչուած էր Հալէպի հայկական թաղերուն պահպանութեան կոչուած պահապան տղոց գլխաւոր պատասխանատու, նորոգ հանգուցեալ ընկեր Րաֆֆի Պչաքճեանի անունով:

Հազուագիւտ զուգադիպութիւն. անկրկնելի պահ:

Վստահ եմ, որ վեհափառ հօր հոգին խայտաց ի տես կամաւոր այս երիտասարդ¬երիտասարդուհիներուն, որոնց փոխանցեց այն, ինչ որ հայրը կ՛ուղղէ իր զաւակներուն:

Երիտասարդութեան ուղղուած մարտահրաւէրներուն ընդգծում եւ կոչ` խորին պատասխանատուութեամբ դիմագրաւելու զանոնք:

Այդ երիտասարդները` բանակողները, քեսապցիներուն նման բախտաւոր կը սեպէին իրենք զիրենք:

Հայրը` որդւոց հետ:

***

Կարճատեւ էր այցելութիւնը, բայց` անզուգական, հոգեպարար:

Քեսապահայութիւնը առ Աստուած կը բարձրացնէ իր աղօթքները` խնդրելով քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն, ուժ, կորով ու կարողութիւն վեհափառ հօր, որուն ուշադրութեան կիզակէտն են աշխարհն Հայաստանը, սփիւռքը, որուն մէկ փոքր մասնիկն է մեր գիւղը:

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին պատրաստուող Քեսապն ու հոն գումարեալ հայութիւնը վեհափառ հօր այցելութեամբ «վերափոխութիւն» մը ապրեցան:

Քեսապ
29 Յուլիս 2016

Ազդակ

Scroll Up