«Կեթի» Հիմնարկը 130,000 Տոլար Պիտի Յատկացնէ Սեւանի Գրողներու Միութեան Հանգստեան Տան Պահպանման

«Կեթի» հիմնարկը Յուլիս 28ին հաղորդեց, թէ ընտրուած են աշխարհի տարածքին գտնուող եւ արդի ճարտարապետութեան նմոյշներ նկատուող այն 9 կառոյցները, որոնց պահպանման համար հաստատուած «Արդի Պահենք» ծրագիրը այս տարի 1.3 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ՝ 2014ին հաստատուած սոյն ծրագիրէն օգտուող կառոյցներու թիւը հասցնելով 33ի։

Ծրագիրէն օժանդակութիւն ստացողներու շարքին է Սեւանի մէջ գտնուող Հայաստանի գրողներու միութեան հանգստեան տունը, որուն համար նախատեսուած է 130,000 տոլար։

Սեւանայ լիճի ափին գտնուող նշեալ կառոյցը կառուցուած է երկու գլխաւոր հանգրուաններով՝ 1932էն 1965ի միջեւ, իսկ անոր ճարտարապետները եղած են Գէորգ Քոչար եւ Միքայէլ Մազմանեան, որոնք զոհ գացած են ստալինեան հալածանքին եւ մօտաւորապէս 15 տարի Սիպերիա աքսորուած են։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up