Փասատինայի Քոյր Քաղաքներու Հայկական Ենթայանձնախումբը՝ Մրցանակակիր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/0000Pasadena-Award2.jpg)
Փասատինայի քոյր քաղաքներու յանձնախումբի Հայկական ենթայանձնախումբը Յուլիս 16ին, Քոյր քաղաքներու միջազգային կազմակերպութենէն ստացած է «Նորարութիւն. Մարդասիրական Օժանդակութիւններ» մրցանակը՝ կազմակերպութեան տարեկան խորհրդաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։
Նշենք, որ Փասատինայի հինգ քոյր քաղաքներէն մէկը Հայաստանի Վանաձոր քաղաքն է։
Փասատինայի հայութեան եւ քաղաքի Քոյր քաղաքներու յանձնախումբին միացեալ ջանքերով, Հայկական ենթայանձնախումբը բաւարար գումար (5000 տոլար) կրցած էր հանգանակել, Վանաձոր քաղաքի թիւ 3 մանկապարտէզին մէջ ջեռուցիչներ զետեղելու ծրագիրը իրականացնելու համար։
Ծրագիրը, որուն համար պէտք եղած էր դէպի վարժարան հասնող կազի նոր խողովակներ զետեղել, կարելի եղած էր ամբողջացնել 2015ին։ Անոր իրականացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են նաեւ Վանաձորի քաղաքապետ Սամուէլ Դարբինեանն ու վարժարանի տնօրէնուհի Գոհար Քոչարեանը, ինչպէս նաեւ Փասատինայի քոյր քաղաքներու յանձնախումբի Հայկական ենթայանձնախումբի ատենապետ Իզապէլ Ուորնըր եւ Մեկի Ճիհանեան։
Փասատինայի քոյր քաղաքներու ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.pasadenasistercities.org կայքը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: