Նազիկ Աւտալեան. «Ճանապարհ Դէպի Ռիօ». տեսանիւթ
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը «Ճանապարհ դէպի Ռիօ» նախագիծին մէջ կը ներկայացնէ Ողիպիական խաղերուն մէջ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներուն:
«Ճանապարհ դէպի Ռիօ» նախագիծի հերթկան հերոսը ծանրամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Նազիկ Աւտալեանն է: Նազիկը հայկական ծանրամարտի կեդրոններէն մէկուն` Գիւմրիի մարզադպրոցի սան է: Ան ծնած է 1986 թուականին Հայաստանի երկրորդ ամենախոշոր քաղաքին` Գիւմրիի մէջ: Այս մասին նշուած է Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքին մէջ:
Նազիկը մարզիկներու այն դասին կը պատկանի, որոնք կ’ապացուցեն, որ անհնարին ոչինչ կայ: Նազիկը վթարէն ետք Փիւնիկի պէս յառնեց եւ 2016 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան մէջ դարձաւ հին աշխարհամասի ախոյեան: Միշտ պայքարող, միշտ ուժեղ եւ միշտ կանացի Նազիկը իր մեծագոյն նուաճումը կը համարէ իր տղան:
–Խաղերուն ի՞նչ յուռութ (թալիսման) հետդ պիտի տանիս:
— Երբեք թալիսման չեմ ունեցած եւ այս խաղերն ալ բացառութիւն չեն:
— Նկարագրէ Ողիմպիական խաղերը երեք բառով:
-Մարզիկներու երազանքներու գագաթնակէտ:
— Որո՞ւն կ’ուզէիր կողքիդ կամ հանդիսատեսի շարքին տեսնել:
-Բնականաբար, ամուսնուս, եւ իմ տղուս` հրեշտակիս:
— Որո՞ւն հետ առաջինը կը կիսուիս յաջողութիւնդ:
-Նախ եւ առաջ, մարզիչիս եւ, ի հարկէ, նաեւ ընտանիքիս միւս անդամներուն հետ:
— Ինչպէ՞ս կ’ուզես, որ յիշուին այս Ողիմպիական խաղերը:
-Առանց ափսոսանքի եւ ժպիտով: