Դպրոցի Առօրեան Ունի Ինքնատիպ Յագեցուածութիւն` Ազգային Ու Հոգեւոր Պատգամով. Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեան

Վերամուտին ընդառաջ` «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ «Նոր Օր»-ի հարցազրոյցը «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէն Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեանի հետ:

Հ.Գ

Բարեշնորհ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրուեան, հաճեցե’ք ներկայացնել Ձեր կենսագրականը.  ուսումը, աշխատանքային  գործունէութիւնը եւ ընտանիքը:

– Ծնած եմ  Հայաստան, Վանաձոր (Կիրովական) քաղաքին մէջ, մտաւորականի ընտանիքի մէջ:  Յաճախած եմ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը, որմէ ետք բանասիրական որակաւորումս ստացած եմ Վանաձորի պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ: Աշխատանքային գործունէութիւնս սկսած եմ Վանաձորի Ս․ Թեւոսեանի անուան պետական փոլիտեխնիքական քոլեջին մէջ` որպէս դասախօս: Աշխատած եմ Վանաձորի Գերմանական կեդրոնին մէջ, «ԳՆՊ» բարեգործական հիմնադրամին մէջ, աւելի ուշ` դասախօսած եմ նաեւ Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ:

 2010 թ-էն կը ղեկավարեմ Առաջնորդարանի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցը, հայերէն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդեմ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանին մէջ: Որպէս Հայ Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ սարկաւագ` իմ ծառայութիւնս կը բերեմ Արեւմտեան թեմին` մասնաւորապէս Հոլիւուտի Ս․ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Ամուսնացած եմ, ունիմ երկու հրաշալի՜ բալիկ:

Ներկայացուցէ՛ք խնդրեմ, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանն ու անոր ուսումնական  առօրեան:

– Դպրոցը հիմնադրուած է 2000թ-ին` Պլիկեան ընտանիքի ազնիւ մտայղացմամբ:

 2010թ.-ին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ, բարձրաշնորհ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնութեամբ` վերակազմաւորուած  եւ շարունակած է գործել Առաջնորդանիստ Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հովանիի ներքոյ:

Դպրոցի առօրեան ունի ինքնատիպ յագեցուածութիւն. Կը սկսի

 առաւօտեան ժամը 9:30-ին` ազգային ու հոգեւոր պատգամով, ապա կը շարունակուի դասարաններէն ներս, մինչեւ  ժամը` 12:00: Դասընթացները կ’իրականացուին Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներու դասագիրքերով: Կրթօճախին մէջ մշտապէս տեղի կ’ունենան հանդէսներ, մշակութային, ազգային ձեռնարկներ ու հանդիպումներ: Դպրոցը ունի  իր երգչախումբը:

Ինչպէ՞ս կը բաժնուին դասարանները եւ որքա՞ն է ուսման  տեւողութիւնը:

– Կրթօճախ կը յաճախեն  6-14 տարեկան  շուրջ 200 աշակերտ:

Վեց դասարաններու բաժնուած արեւելահայերէնի ծրագիրը  կ’ամփոփէ այբուբենի դասաւանդումէն մինչեւ հայոց գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի ու երաժշտութեան նիւթերու դասաւանդում, որ հիմնուած է Քալիֆորնիոյ  կողմէ սահմանուած լեզուներու ուսուցման հիմնական չափանիշներու վրայ (Common Core State Standards):

Ուսումնական տարուան տեւողութիւնը 10 ամիս է․ կը մեկնարկէ Օգոստոսին եւ կ’աւարտէ` Մայիսին: Դասարաններու բաշխումը կը կատարուի ըստ լեզուական իմացութեան:

Աւարտական դասարաններ կա՞ն: Վկայականները վաւերացուա՞ ծ են պատկան  մարմիններու  կողմէ:

– «Փոքրիկ հրեշտակներ»-ու աւարտական դասարանի սաները կը ստանան վկայականներ, որոնք կը ճանչցուին` որպէս երկրորդ օտար լեզուի վկայագիր` պետական քոլեջներուն կողմէ: Բացի այդ, կը համագործակցինք ՀՀ Գիտութեան եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւններուն հետ:

2015թ․-ին Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Համահայկական մրցոյթին ընթացքին դպրոցը ճանչցուած է` որպէս Սփիւռքի լաւագոյն շաբաթօրեայ վարժարան եւ արժանացած գլխաւոր մրցանակի եւ առաջին կարգի վկայականի:

Ուսուցչական կազմի ընտրութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարէք: Վերապատրաստում կամ վերաորակաւորում կը նախաձեռնէ՞ք:

– Վարժարանէն ներս կը դասաւանդեն բացառապէս համապատասխան կրթութիւն ունեցող բանիմաց մանկավարժներ, որոնք ունին հարուստ փորձառութիւն եւ մշտապէս կը մասնակցին Առաջնորդարանի  կողմէ կազմակերպուած ուսուցիչներու  վերապատրաստման դասընթացներուն:

Եր՞բ կը սկսին դպրոցի աշխատանքները:

– Նոր աշակերտներու ընդունելութիւնը կը սկսի Յուլիս 15-էն մինչեւ Օգոստոս 15: Դասերը կը մեկնարկեն Օգոստոս 20-ին: Փափաքողները կրնան դիմել Առաջնորդարան:

Այսօրուան  հասարակութեան ապրելակերպը եւ մտածելակերպը մեծ փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի: Ձեր կարծիքով, ինչպիսի՞ քայլեր պէտք է մշակուին նոր սերունդին ազգային  կեանքին շաղկապուած պահելու համար:

-Մայրենիի, հայ ինքնութեան ու հաւատքի պահպանման երաշխաւորը դարեր շարունակ եղած է եւ կը մնայ Հայոց Մայր եկեղեցին: Այն բոլոր քայլերը, որոնք կը շեղեն մեզ այս սուրբ ճանապարհէն` դատապարտուած են ձուլման եւ ուծացման:

Օգտուելով առիթէն` շնորհակալութիւն կը ցանկամ յայտնել Ձեզ հաճելի զրոյցի համար, ինչպէս նաեւ` «Նոր Օր»-ի ողջ անձնակազմին ու ընթերցողներուն: Կը մաղթեմ, որ Էջմիածնէն տարածուող օրհնութիւնն ու Օշականէն ճառագող լոյսը մշտապէս առաջնորդէ մեզմէ իւրաքանչիւրին:

Շնորհակալութիւն Յովհաննէս սարկաւագ, որ ընդառաջեցիք մեր հրաւէրին: Յաջողութիւն կը մաղթեմ Ձեր ծրագիրներուն եւ «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանին: Դպրոցին հասցէն է` 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504:

Հարցազրոյցը վարեց`

ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հ Գ

Scroll Up