Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Նախագահները Որոշած Են Ընդլայնել Ղարաբաղի ՄԷջ ԵԱՀԿ Հսկողութեան Խումբը. Ուորլիք

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնութեան  եկած են Ղարաբաղի մէջ շփման գիծին վրայ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ԵԱՀԿ հսկողութեան  խումբի ընդլայնման հարցին վերաբերեալ: Այդ մասին armradio.am-ի փոխանցմամբ` այսօր Р�?А Новости-ին յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ ՃԷյմս Ուորլիքը:

«ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները աշխոյժ կ’աշխատին լարուածութեան նուազման եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, բանակցային գործընթացքի յետագայ յառաջխաղացման համար Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի մէջ կայացած հանդիպումներուն ժամանակ նախագահներու ստանձնած պարտաւորութիւններու իրականացման ուղղութեամբ: Նախագահները եկած են համաձայնութեան շփման գիծի երկայնքով եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ԵԱՀԿ հսկողութեան խումբի ընդլայնման հարցին շուրջ համաձայնութեան: Կը նախատեսուի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ընդարձակ բանակցութիւններու շարունակութիւն` իւրաքանչիւր կողմէ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց ներգրաւմամբ: Դիւանագիտական յառաջընթացը անհրաժեշտ է կողմերու միջեւ լարուածութեան նուազման համար»,- ըսած է Ուորլիք:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու վերջին հանդիպումը տեղի  ունեցած էր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Յունիս 20-ին:

Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումէն ետք  Սերժ Սարգսեան, Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ հանդէս  եկած էին համատեղ յայտարարութեամբ:

 

Scroll Up