Սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումը

Կիրակի, 24 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի տարեկան բանակումի բացման արարողութիւնը, Ըրնէյիլ-Սալիմա շրջանին մէջ:

Ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-էն սկսեալ, մասնաճիւղի խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերը, խումբերու բաժնուած, պատրաստեցին բանակավայրի մուտքը, դրօշակի կայմը, խոհանոցը, լուացարանները եւ լարեցին մոկլիներուն վրանները:

Չորեքշաբթի, հինգշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը բանակավայր պիտի հասնին գայլիկները, արծուիկներն ու մոկլիները:

Բանակումին ընթացքին խումբերը պիտի ունենան դասախօսութիւններ, արշաւներ, ձեռային աշխատանքներ, պտոյտներ եւ այլն:

Մասնաճիւղի տարեկան բանակումի խարուկահանդէսը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 30 յուլիս 2016-ին:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up