Այս Գիշեր Շփման Գիծին Արձանագրուած Են Ատրպէյճանի Զինուժի Անօդաչու Թռչող Սարքերու Թռիչքներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/718.jpg)
Յուլիս 26-ի լոյս 27-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է 14 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 100 կրակոց:
ԼՂՀ ՊԲ-էն կը յայտնեն, որ բացի հրադադարի պահպանման կարգի վերոնշեալ խախտումներէն, շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ արձանագրուած են նաեւ հակառակորդի հետախուզական անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքներ:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ուշադիր հետեւած են առաջնագիծին վրայ տեղ գտնող զարգացումներուն եւ համապատասխան գործողութիւններու դիմած միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: