Հռոմի Պապի Երախտագիտութեան Նամակը` Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին

Իմ պատուելի եղբօր`
Արհ. Տէր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին`
Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդին
Հայաստան առաքելական ճանապարհորդութենէն վերադառնալէ ետք կը ցանկամ իմ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել Ձեզ, քահանաներուն, աշխարհական հաւատացեալներուն եւ այն մարդոց, որոնք նուիրուած են Եկեղեցւոյ: Մեծապէս շնորհակալ եմ Ձեզի` բարեկամական ջերմ ընդունելութեան համար, եւ այն նուիրուածութեան համար, որ ունէիք Հայաստան կատարած այցելութեանս ժամանակ:
Մտքիս մէջ պահած եմ անջնջելի յիշողութիւն` Սուրբ Պատարագի տօնակատարութեան մասին, որ տեղի ունեցաւ Գիւմրիի մէջ, ինչպէս նաեւ հաճելի հանդիպումները կաթողիկէ համայնքին հետ եւ ես կը ցանկամ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց` իրենց եղբայրութեան, խոնարհութեան համար, որ ցոյց տուին ինծի: Ինչպէս նաեւ արժէքաւոր այն տեղեկութիւններուն համար, որ անոնք ցանկացած են, որ ես մասնակցիմ եւ ցուցաբերեմ մեծ օգնութիւն:
Ես կը հաւաստիացնեմ Ձեզի իմ աղօթքներս, որ իմ սիրելի Հայաստանի կաթողիկէները քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ շարունակեն ընթանալ Աւետարանի ուղիով` կառուցողական միասնութեան ոգով եւ բարեգործութիւն ընելով բոլորին: Ի սրտէ կ’օրհնեմ ձեզ` խնդրելով ձեզմէ, որ աղօթէք ինծի համար:
Վատիկան, 5 Յուլիսի, 2016թ.
Աղբիւրը` http://armenianchurchco.com/