Արցախի Մէջ Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգի Հանրային Քննարկումները Սկսած են

Յուլիս 25-ին Ազգային ժողովի մէջ ԼՂՀ նախագահին կից սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած են սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին շուրջ առաջին հանրային քննարկումները` խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերուն մասնակցութեամբ:

ԼՂՀ ԱՄ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` մասնագիտական յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ներկայացնելով նախագիծին կառուցուածքը, նշած է, որ անիկա բաղկացած է նախաբանէ եւ 5 գլուխներէ. մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, կառավարման համակարգը, դատական իշխանութիւնը, տեղական ինքնակառավարումը եւ հանրաքուէն:

Համաձայն ընթացակարգին` այնուհետեւ իրենց տեսակէտները ներկայացուցած են հանդիպման հրաւիրուած` «Ազատ հայրենիք», Արցախի ժողովրդավարական, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Շարժում-88», «Ազգային վերածնունդ» խորհրդարանական կուսակցութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի կոմունիստական, Արցախի Արմենական եւ Արցախի հանրապետական արտախորհրդարանական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները: Քաղաքական կառոյցներու պատասխանատուները անդրադարձած են մարդու իրաւունքներուն, տեղական ինքնակառավարման, դատական ոլորտին եւ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համակարգերուն վերաբերող տարաբնոյթ հարցերու:

Հանդիպման հիմնական քննարկումը ծաւալած է կառավարման համակարգի նախագահական եւ խորհրդարանական տարբերակներուն շուրջ: Մտքերու փոխանակութեան ընթացքին կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հանդէս եկած են իրենց տեսակէտներով, որմէ ետք անհրաժեշտ պարզաբանումներ ստացած են յանձնաժողովի նախագահէն:

Ամփոփելով հանդիպումը` Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ քննարկումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն, եւ մինչեւ Օգոստոս 1 հայեցակարգին նախագիծը պիտի ներկայացուի Հանրապետութեան նախագահին: Հայեցակարգին հաւանութիւն տալէ ետք միայն՝ մասնագիտական յանձնաժողովը պիտի սկսի սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծին մշակումը` վերջնական տեսքով զայն ներկայացնելու համար:

Scroll Up