Իրլանտայի Վիրաբուժներու Թագաւորական Քոլեջի Բարձրագոյն Պարգեւը` Գրիգոր Երզնկացեանին

Իր բազմամեայ գործունէութեան եւ վիրաբուժութեան ոլորտին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար մեծ մարդասէր եւ բարերար փրոֆէսոր Գրիգոր Երզնկացեան արժանացած է Իրլանտայի վիրաբուժներու թագաւորական քոլեջի բարձրագոյն պարգեւին` պատուաւոր անդամի կոչման:

 Վաստակաշատ փրոֆէսոր Գրիգոր Երզնկացեան իր կեանքը նուիրած է Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ բժշկութեան ոլորտի զարգացման, վիրաբուժներու ուսուցման, որակեալ մասնագէտներ պատրաստելուն եւ իր մասնագիտական փորձը անոնց փոխանցելուն:

Ան ծնած է Եթովպիոյ մէջ` Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ ընտանիքի մէջ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Հիւսիսային Ուելսի մէջ, իսկ 1963թ. ընդունուած է Իրլանտայի վիրաբուժներու թագաւորական քոլեջ: Այս ժամանակահատուածին արժանացած է  շարք մը պարգեւներու եւ նաեւ բարձրագոյն վիրաբուժական աշխատանք  անցած է Տուպլինի  քանի մը հիւանդանոցներու մէջ:

 Իրլանտայի մէջ վիրաբուժական փորձառութիւն ձեռք բերելէ ետք, վերադարձած է Ափրիկէ: Սյստեղ` Զամպիոյ մայրաքաղաք Լուսաքայի մէջ ձեւաւորուած է իր վիրաբուժական աշխատանքի մեծ մասը: Ան գրաւած է  շարք մը կարեւոր վարչական պաշտօններ, իսկ 1999թ. արժանացած է Զամպիոյ համալսարանի վիրաբուժութեան փրոֆէսորի կոչման: Ան նաեւ եղած է Զամպիոյ վիրաբուժական միութեան նախագահը:

 Փրոֆէսոր Երզնկացեան հեղինակ է Ափրիկեան վիրաբուժութեան վերաբերեալ մեծ թիւով աշխատութիւններու, որոնց մէջ ան կ’անդրադառնայ տեղային անզգայացման եւ քեթամինի կարեւորութեան, արիւնավարակման եւ վնասուածքներու կանխարգելման, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի մէջ քաղցկեղով մեծ թիւով հիւանդներու բացայայտման հարցերուն:

Ափրիկէի մէջ պատշաճ վիրաբուժական համակարգի անհրաժեշտութիւնը յանգեցուցած է Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ափրիկէի վիրաբուժներու համալսարանի /ԱԿՀԱՒՀ/ ստեղծման, որուն շարժիչ ուժն է փրոֆէսոր Երզնկացեան: Ան համալսարանի խորհուրդի ամենաերկարատեւ անդամն է. նաեւ եղած է համալսարանի փոխնախագահը, նախագահը եւ ներկայիս` տնօրէնը:

 Անոր անսպառ ուժի եւ մեծ նուիրումի շնորհիւ նորաստեղծ համալսարանը ոտքի  կանգնած է` արձանագրելով բազմաթիւ յաջողութիւններ ու նուաճումներ: Իր մեծ վաստակին եւ ներդրումին համար 2012թ. փրոֆէսոր Երզնկացեան արժանացած է ԱԿՀԱՒՀ պատուաւոր անդամի կոչման:

 2007թ. ԱԿՀԱՒՀ խոստումնալից համագործակցութիւն սկսած է Իրլանտայի վիրաբուժներու թագաւորական քոլեջին հետ, ուր կրկին մեծ է փրոֆէսոր Երզնկացեանի դերը: Համագործակցութեան արդիւնքով ցվիրաբուժութեան համակարգը մեծ բարեփոխումներ  ունեցած է եւ համալրուած  նորագոյն եւ ժամանակակից միջոցներով ու սարքաւորումներով: Տարածաշրջանին մէջ արձանագրուած է նաեւ ուսանող վիրաբուժներու թիւի մեծ աճ, ինչպէս նաեւ Զիմպապուի, Զամպիոյ եւ Ռուանտայի մէջ մեծ թիւով բժիշկներ զարգացուցած են իրենց գիտելիքները եւ ծանօթացած հիմնական վիրաբուժական մեթոտներուն:

Փրոֆէսոր Երզնկացեան պարբերաբար կը յաճախէ Հայաստան` վիրաբուժական եւ բարեգործական գործունէութեամբ:

Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»

ՎիրաբույժՎիրաբույժ1

Scroll Up