Հակառակորդը Կրակած է Մարտունիի եւ Մարտակերտի Պաշտպանական Դիրքերու Ուղղութիւններով. ԼՂՀ ՊՆ

Յուլիս 24-ի լոյս 25-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահամագիծին տարբեր հատուածներուն մէջ հակառակորդը հրադադարը խախտած է  28 անգամ, որուն ընթացքին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է մօտ 300 կրակոց:  Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ  մամուլի ծառայութենէն:

Աւելի շատ խախտումներ արձանագրուած են Մարտունիի եւ Մարտակերտի պաշտպանական ուղղութիւններով, ուր բացի տարբեր տրամաչափի հրաձիգային զինատեսակներէ կիրառուած են նաեւ դիպուկահար հրացաններ /20 կրակոց/:

Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները հիմնականօրէն ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ հակաքայլեր ձեռնարկած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

Scroll Up