Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկին 50-Ամեայ Գործունէութեան

Աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր Պուրճ Համուտի մէջ գործող ընկերային ծառայութեան կեդրոնի` «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի 50-ամեակը շքեղ հանդիսութեամբ նշուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, հիւր անձնաւորութիւններու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալ ազգայիններու հոծ բազմութեան:

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Պէյրութի խորհրդատու մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Հապիպեան ողջունեց ներկաները` նշելով ձեռնարկին առիթն ու կարեւորութիւնը: «Սոյն հանդիսութիւնը պատեհ առիթ է հանրութիւնը ծանօթացնելու «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին գործունէութեան: Այսօրուան ձեռնարկը յարգանքի տուրք մըն է Վարդան Ճինիշեանին», ընդգծեց Հապիպեան:

Ապա խօսք առաւ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Փոլին Սաղըրեան, որ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Վարդան Ճինիշեանի հիմնած այս կեդրոնին մէջ ծառայած բոլոր նուիրեալներուն: Թուելով կեդրոնի գործունէութեան առաքելութիւնն ու իրագործումները` Սաղըրեան յատուկ կերպով արժեւորեց եւ բարձր գնահատեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի հանգուցեալ նախկին տնօրէնները` Հանզ Շելլենպըրկը, Հայկ Թիլպեանն ու Սեդա Փամպուքեանը: Փոլին Սաղըրեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի բարերար Վարդան Ճինիշեանը` իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնելով անոր այս ազգօգուտ նախաձեռնութեան համար:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի հիմնադրութեան, գործունէութեան ու առաքելութեան մասին, ուր Մարաշի մէջ ծնած ու Եղեռնէն ճողոպրած Վարդան Յարութիւն Ճինիշեան ամերիկահայ գործարարը տասը միլիոն տոլարի նուիրատուութեամբ կը հիմնէ այս կեդրոնը` 1965-ին: Անցնող 24 տարիներուն «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը կը գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ:

Ապա խօսք առաւ նաեւ յատուկ այս առիթով հիւրաբար Լիբանան եկած` «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեան, որ իր եւ Միացեալ Նահանգներու «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի կեդրոնական մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի կազմակերպիչներուն` ցաւ յայտնելով, որ տխուր պատճառով չէ կրցած իրեն ընկերանալ մարմինի մէկ այլ անդամը` Մարք Մոմճեանը: Մինասեան բարձր գնահատեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին գործունէութիւնն ու իրագործումները` իր ցաւակցութիւնը յայտնելով նախկին տնօրէն Սեդա Փամպուքեանի կորուստին համար: Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ հայ ազգը տակաւին շատ պէտք ունի օգնութեան` մաղթելով, որ «մեր հայրենակիցները օգնութեան կարիք չունենան ո՛չ Հայաստանի մէջ, ո՛չ ալ անկէ դուրս»: Այս առիթով Էլիզա Մինասեան արուեստի յատուկ գործ մը նուիրեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի տնօրէն Փոլին Սաղըրեանին:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ հիւրաբար Հայաստանէն եկած «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի խորհրդատու մարմինի նախկին անդամ գերապայծառ Նշան արք. Գարաքէհէեան:

Ատենապետ Րաֆֆի Հապիպեանի կողմէ զինք գնահատող ներկայացումէն ետք, գերապայծառ Գարաքէհէեան խիստ բարձր գնահատեց կեդրոնին գործունէութիւնը` նշելով, որ բարերար Վարդան Ճինիշեան շատ մօտէն ճանչցած է հայ ժողովուրդի ցաւերն ու կարիքները, «բայց ինչ որ աւելի կարեւոր է` իր մօտեցումի կերպն է` քրիստոնէական եղբայրասիրութիւնը, նուիրուած` իր կարիքաւոր եղբայրներուն»: Մէջբերելով աղքատ Ղազարոսի օրինակը, գերապայծառ Գարաքէհէեան վեր առաւ բարերար Վարդան Ճինիշեանի նկարագրային յատկանիշները` իբրեւ համեստ, լուռ գործող, հեռու ցուցամոլութենէ օրինակելի բարի տիպար: Գերապայծառ Գարաքէհէեան ցաւ յայտնեց, որ հայ ազգը տակաւին չէ յաջողած իր ետին նետել գաղթականի ցուպը, «որովհետեւ տակաւին տեղ չէ գտած նոյնիսկ իր սեփական հայրենիքին մէջ»: Ան մէջբերեց նաեւ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութենէն «Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց… ինչ որ տուի…» տողերը: Այս առիթով «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Փոլին Սաղըրեան յատուկ յուշագիր մը նուիրեց գերապայծառ հօր:

Jinishian5_72216

Այս առիթով իրենց երկարամեայ նուիրեալ ու ժրաջան գործունէութեան համար գնահատանքի յատուկ շնորհակալագիրներ ստացան Ռաֆայէլ Ումուտեան, Եսթեր Հայտոսթեան-Փիլաւեան, Մարօ Թոնդեան, Զուարթ Թելեան-Նաճարեան, Վազգէն Չեքիճեան եւ Անի Պուճիգանեան:

Ի բացակայութեան ցանկին մէջ նշուեցան նաեւ տոքթ. Ռոպովթ Չորպաճեան եւ տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան, որոնք Լիբանանէն դուրս կը գտնուին:

Ապա Փոլին Սաղըրեան փակման խօսքով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի յաջողութեան նպաստած բոլոր կամաւորներուն:

Jinishian3_72216

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր, ուր Հրաչ Իսահակեան (սրինգ), Աննա Փասթուքլովա (ջութակ), Ուիսամ Ապտելնուր (միջակ ջութակ) եւ Նայիրի Ղազարեան (թաւջութակ) քառեակը ներկայացուց Կոմիտասէն «Շողեր ջան», «Ալ այլուղս», «Կաքաւի երգ»-ը եւ «Վաղարշապատի պար»-ը:

Jinishian6_72216

Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան կատարեցին իրենց օրհնութեան աղօթքը:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up