Մխիթարեան Ընտրեց 22-ը. Մանչեսթըր Եունայթըտը Ներկայացուց Խաղաշապիկներու Համարները

«Մանչեսթըր Եունայթըտ»-ը իր պաշտօնական կայքի միջոցով ներկայացուցած է Փրեմիեր լիկայի մէջ իր ֆութպոլիստներու խաղաշապիկներու համարները:
Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեան Անգլիոյ առաջնութեան մէջ «Կարմիր սատանաներ»-ու կամզին մէջ հանդէս պիտի գայ 22 համարի մարզաշապիկով: Խումբի մէկ այլ նորեկ Զլատան Իպրահիմովիչը ընտրած է 9 համարը: