Ղարաբաղի Հարցով Համաձայնութեան Պարագային Երաշխիքներ Պէտք Են. ԱՄՆ Քոնկրէսական
Միացեալ Նահանգները պէտք է կատարէ իր դերը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress-ի, Յուլիս 20-ին Հայաստանի մէջ Ամերիկեան համալսարանէն ներս դասախօսութեան ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճիմ Քոսթան:
«Եւ անկախ այն հանգամանքէն, հնարաւո՞ր է համաձայնութեան հասնիլ, Հայաստանին խաղաղ գործընկեր հարկաւոր է, որուն հետ կարելի է խաղաղ յարաբերութիւններ պահպանել»,- ընդգծած է Ճիմ Քոսթան:
Ըստ անոր` ԱՄՆ-ն պէտք է աւելին ընէ Հայաստանի էական զարգացման առումով: «Իրականութեան մէջ ես կը հաւատամ, որ պետական քարտուղար Ճոն Քերրին շատ կը ցանկար լուծել Արցախի հիմնախնդիրը: Բայց հարցականի տակ է Ռուսաստանը: Համաձայնութեան հասնելու պարագային անհրաժեշտ են երաշխիքներ, որ Ատրպէյճանը կը հետեւի համաձայնագիրին: Եւ ինծի ու, թերեւս, ձեզմէ շատերուն համար հարցական է, կարելի՞ է, արդեօք, վստահիլ Ատրպէյճանին եւ Ռուսաստանին` համաձայնագիրին հետեւելու տեսանկիւնէն»,- աւելցուցած է Ճիմ Քոսթան:
News.am-ի հաղորդմամբ` ուսանողներէն մէկուն հարցին, կը ցանկա՞ր այցելել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, քոնկրէսականը պատասխանած է. «Այո՛, կը ցանկայի այնտեղ ըլլալ: Եւ ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի գեղեցկութիւնը վայելելու, այլ աւելի կառուցողական ըլլալու համար»: