Նիւ Ճըրզիի Մէջ.- Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի 95-րդ Պատգամաւորական Ժողով
Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 96-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, տեղի ունեցաւ Յուլիս 15-էն 17, Նիւ Ճըրզիի «Մարիոթ Փարք Ռիճ» պանդոկին մէջ, հովանաւորութեամբ շրջանի «Ակնունի», «Սպիտակ», «Շաքէ» եւ Պերկըն Քաունթիի մասնաճիւղերուն:
Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց կատարուած աշխատանքն ու կատարուեցան առաջարկներ յառաջիկայ տարեժրջանին համար: Զանազան շրջանները ներկայացնող պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ:
Աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն: Նորընտիր կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէ.- Թալին Տաղլեան (Նիւ Ճըրզի), Սանտրա Վարդանեան (Նիւ Եորք), Մարկըրէթ Պապիկեան-Մետինա (Նիւ Ճըրզի), Մարի Անն Պոնճուքլեան (Նիւ Ճըրզի), Սօնիա Պզտիկեան (Նիւ Եորք), Սիլվա Սաղրեան (Տիփրոյթ), Ճօաննա Չիլինկիրեան (Մասարուսէց):Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ:
Այս մասին կը յայտնէ Հայրենիք: