Հոգեհանգիստ՝ Լիզպոնի Հինգ Նահատակներուն Եւ Սուրիահայ Նահատակներուն Համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/Lisbon5English.jpg)
Յառաջիկայ 27 Յուլիսը 33րդ տարելիցն է մեր նորագոյն պատմութեան սխրալի էջերէն՝ Հայ Դատի պայքարի ճամբուն իրենց կեանքերը նուիրաբերած Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի նահատակութեան:
Համաձայն տարիներու աւանդութեան, եւ տնօրինութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Կիրակի, 31 Յուլիս 2016ին, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Լիզպոնի Հինգին հոգիներուն համար: Առաջնորդ սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի նախագահէ հոգեհանգստեան արարողութեան:
Իսկ Կիրակի, 24 Յուլիսին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Սուրիոյ տագնապին զոհ գացած հայութեան նահատակներուն համար, աղօթք բարձրացնելով, որ երկիրը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը եւ բնականոն վիճակը:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլայ արարողութեանց եւ աղօթքով խոնարհի մեր նահատակներու յիշատակին:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: