«Գործունէութեանս Կենրոնին Հայաստանը Պիտի Ըլլայ».«Հայաստան. Ստեղծենք Միասին» Երիտասարդական Հաւաքի Մասնակից
«Դեռ մանկութենէս ինծի համար անարդարութիւնը, ապօրինութիւնն ու մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը անընդունելի եղած են: Երբ դպրոցը աւարտելէ յետոյ մասնագիտական ընտրութեան առջեւ կանգնեցայ, հասկցայ, որ կարելի է նաեւ դիւանագիտութեան ճանապարհով պայքարիլ վերոնշեալ արատաւոր երեւոյթներուն դէմ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Աստղիկ Յակոբեան, որ Հայաստանէն ուսման նպատակով տեղափոխուած է ԱՄՆ` ընդունուած Կլէնտելի համայնքային քոլեջի քաղաքագիտութիւն եւ միջազգային յարաբերութիւններ բաժանմունքը:
Աստղիկը ուսանելու ընթացքին մէկ տարի Քալիֆորնիոյ Հայ ուսանողներու միութեան նախագահը եղած է, սերտ համագործակցութեան մէջ կը գտնուի նաեւ հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու հետ, որոնց հետ տարաբնոյթ աշխատանքեր կ’իրականացնէ` Հայաստանը օտարազգիներուն ճանաչելի դարձնելու ուղղութեամբ:
Աստղիկը անվարան կ’ըսէ, որ յետագային իր գործունէութեան կեդրոնին Հայաստանը պիտի ըլլայ: Հայաստանի կամ արտասահմանի մէջ ապրիլը, որեւէ նշանակութիւն պիտի չունենայ: Բոլոր հնարաւորութիւնները պիտի ներդնէ` հզօր, ապահով Հայաստան ունենալու համար:
Հայ ուսանողներով Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի տագնապալի օրերուն նոյնպէս քայլեր ձեռնարկած են` Արցախին օգնութիւն տրամադրելու նպատակով: Դրամահաւաք կազմակերպած, որուն հասոյթը Աստղիկը շուտով Արցախ պիտի տանի` յանձնելու գիւղերու բնակիչներուն:
Բացի դրամահաւաքէն, քոլեջին մէջ մարդոց պարբերաբար իրազեկած են Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին մասին, որպէսզի խուսափին ապատեղեկատուութենէն:
Իբրեւ ապագայ դիւանագէտ` Աստղիկը կը կարծէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի վերջնական լուծումը կախուած է հայ ժողովուրդի համախմբումէն եւ ազգային գիտակցութեան բարձրացումէն, որմէ ետք միայն վերջնական յաղթանակի կը հասնինք:
«ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ կայացած «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքին մասնակցիլը մասնագիտական տեղեկատուութեան մեծ պաշար տուաւ ինծի: ԱՄՆ-ի մէջ դժուար թէ յաջողէի` ինծի հետաքրքրող հարցերու պատասխանները ստանալ:
Հաւաքի զեկուցողները, տարբեր ոլորտի մասնագէտները ինծի շատ օգնեցին. անոնցմէ նոր մտքեր, գաղափարներ եւ առաջարկներ ստացայ»,- իր խօսքը ամփոփեց Աստղիկ Յակոբեան:
Գէորգ Չիչեան