Հայկական Գեղեցիկ Ընտանիք Մը` Սթեֆանօ Կապանայի Instagram-ին Մէջ

Այսօր առաւօտեան Instagram-ի մէջ հրապարակուած լուսանկարները նայելուս իտալացի հանրայայտ ձեւաւորող, Dolce & Gabbana աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան համահիմնադիր Սթեֆանօ Կապանայի էջին վրայ  գեղեցիկ ու այնչափ հաճելի լուսանկար մը գրաւեց ուշադրութիւնս: Աւելի երկար զննելէ յետոյ հասկցանք, որ նկարին մէջ պատկերուած ընտանիքը հայ է (հաւանաբար, հէնց ատիկա էր պատճառը, որ այդքան լաւ ուսումնասիրեցինք զայն): Լուսանկարին մէջ հայուհի Սոնա Սարգսեանի գեղեցիկ ու ներդաշնակ ընտանիքն է, որ կը մասնակցի  Dolce & Gabbana-ի իւրօրինակ լուսանկարներու նախագիծին:

Նախագիծին նպատակն է հանրայայտ ապրանքանիշի կայքին վրայ ստեղծել ընտանեկան լուսանկարներու ալպոմ, ուր ներառուած կ’ըլլան աշխարհի տարբեր անկիւններ ապրող ընտանիքներու գեղեցիկ լուսանկարները: Անդամները պարտադիր չէ, որ ցուցադրեն այս ապրանքանիշի հագուստները, սակայն ընտանիքի եւ սերունդներու թեման պէտք է պահպանուած ըլլայ: Յատուկ այս նախագիծին համար ստեղծուած է #DGFamily հեշթեգը, որմով կարելի է գտնել հազարաւոր գեղեցիկ լուսանկարներ: Սակայն ատոնցմէ ընդամէնը երկուքը  (այս պահի դրութեամբ) յայտնուած են Սթեֆանօ Կապանայի ուշադրութեան կեդրոնին, հետեւաբար նաեւ անոր Instagram-ին մէջ:

NEWS.am STYLE

Scroll Up