ՀԻԼՏԱ ՉՈՊՈՅԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՒՈՒԻ
Ուրբաթ Հոկտեմբեր 11-ի երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Լիոնի քաղաքապետարանի Կարմիր սրահին մէջ, բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրերու, հարիւրաւոր բարեկամներու եւ մտերիմներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ ազգային-հանրային հանրածանօթ գործիչ Հիլտա Չոպոյեանի մեծարանքի երեկոն: Անոր կողքին բեմին վրայ էին Լիոնի քաղաքապետ ծերակուտական Ժերար Գոլոն, Մեծն Լիոնի փոխնախագահ եւ Լիոնի երրորդ թաղամասի քաղաքապետ Թիէրի Ֆիլիփ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Փարիզի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Տէսինի քաղաքապետ Ժերոմ Սթիւրլա եւ Լիոնի քաղաքապետութեան մշակոյթի կցորդ բժիշկ Գէորգ Քեփենեկեան: Սրահին մէջ էին Նորվան Արք. Զաքարեան, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան: Արարողութեան իր շքախումբով ներկայ կը գտնուէր Արցախի նախագահը, առ ի գնահատանք Հիլտա Չոպոյեանի՝ Արցախի ժողովուրդին բերած տարիներու ծառայութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Պ. Ժերար Գոլոն եւ գովեց Հիլտա Չոպոյեանի անձը և գործը՝ ի նպաստ Ֆրանսայի եւ հայութեան: Հիլտա Չոպոյեանի կենսագրականը ներկայացուց Պ. Թիէրի Ֆիլիփ. թուեց անոր համալսարանական վկայականները, մասնագիտութիւնն ու փորձառութիւնը Հայ Դատի պայքարին մէջ. պատմեց թէ ինչպէ՞ս ան այդ օրերու Հայ Դատի յանձնախումբի ընկերներուն հետ յաջողցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունուիլը Եւրոպայի Խորհուրդին կողմէ, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահութեան տասնեակ տարիներու արդիւնաբեր աշխատանքը, եւայլն. ապա մեծարեալը ինք հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով:
… Եւ հասաւ երեկոյթի բարձրակէտը, երբ ծափահարութիւններու տարափին տակ Հիլտա Չոպոյեան ստացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան բարձրագոյն՝ Ազգային Արժանեաց կարգի Ասպետի շքանշանը:
Երեկոյթը աւարտեցաւ շքեղ պիւֆէով եւ շամփանեով:
Շ. Թ.
Նոր Յառաջ