Երիտասարդական Համագումարի Մասնակիցները Իրազեկ Կը Դառնան Կաթողիկոսարանի Գործունէութեան Զանազան Երեսներուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/Catholicosate1_71716.jpg)
15 յուլիս 2016-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եպիսկոպոսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միջթեմական երիտասարդական համագումարի Գ. նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատին մանրամասնութիւնները: Դատի յանձնախումբի անդամներէն դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան անդրադարձաւ դատի իրաւական աշխատանքներուն, իսկ դատին թողած արձագանգին եւ անցեալ օգոստոսին Սիս այցելած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան չորս անդամներուն փորձառութեան մասին խօսեցաւ Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական ու լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:
Դասախօսութենէն ետք յաջորդաբար իրենց զեկոյցները ներկայացուցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան ու Քանատայի թեմերուն ներկայացուցիչները, որոնք փոխանցեցին իրենց թեմերուն երիտասարդութեան հետ առնչութիւն ունեցող աշխատանքներն ու գործունէութիւնը:
Դ. նիստի ընթացքին Կաթողիկոսարանի լսատեսողական բաժանմունքի աշխատակազմը` Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Սեւակ Սաղպազարեան, բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի գլխաւորութեամբ, մասնակիցներուն ներկայացուց տարուած աշխատանքները: Յատուկ անդրադարձ եղաւ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած կարեւոր աշխատանքներուն:
Յետմիջօրէին, համագումարի մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան եւ «Թռչնոց բոյն», ուր անոնց փոխանցուեցան թանգարանին եւ հաստատութեան պատմականը:
Երեկոյեան, համագումարի մասնակից երիտասարդները զբօսնելէ ետք շրջանի պատմական վայրերը, ունեցան իրենց ընկերային հաւաքական ընթրիքը «Թռչնոց բոյն»-ի շրջափակին մէջ:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: