Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ցաւակցագիր Յղած Է Ֆրանսայի Նախագահին
Յուլիս 15-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցական գիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտին երէկ գիշեր Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ:
«Խստօրէն կը դատապարտենք մարդկային կեանքի դէմ ուղղուած այդօրինակ անմարդկային ոճրագործութիւնը եւ, յանուն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Մեր զօրակցութիւնն ու վշտակցութիւնը կը յայտնենք Ձեզ, զոհուածներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին», – «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ըսուած է Նորին Սրբութեան ցաւակցագիրին մէջ:
Աղօթք բարձրացնելով անմեղ զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար` Նորին Սրբութիւնը հայցած է Բարձեալն Աստուծմէ մխիթարութիւն պարգեւել մահացածներու հարազատներուն, իսկ ահաբեկչութենէն տուժածներուն շուտափոյթ առողջութիւն: