«Մեն Փիքչըրզ»-ի «Փրկութեան Քարտէսը» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը

Հայկազեան համալսարանին կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 14 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Ա.Պէ.Սէ.» Էշրեֆիէի շարժապատկերի ցուցադրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան, որ ըսաւ,  թէ վաւերագրական ժապաւէնը կը պատմէ հինգ օտար կիներու մարդասիրական շարժումին մասին` Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման եւ բողոքի իբրեւ արդիւնք:

Ան յայտնեց , թէ ժապաւէնը հիմնուած է իրական դէպքերու վրայ, եւ հինգ դերասան կիները կենդանի վկաներ են Հայոց եղեռնին:

Ելոյթ ունեցաւ ժապաւէնի մտայղացման հեղինակ եւ արտադրող Մանուէլ Սարիբէկեան, որ իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութին յայտնեց Հայկազեան համալսարանին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձած են նկարահանումներուն եւ ժապաւէնի պատրաստութեան բոլոր աշխատանքներուն: Ան ըսաւ. «Ժապաւէնը մեծ ակնածանքով եւ պատասխանատուութեամբ պատրաստուած է, անիկա սիրոյ եւ ջերմութեան պտուղ է: Նման սուրբ կիներու մասին ժապաւէն պատրաստելը մեծ պատիւ էր: Ուրախ եմ ժապաւէնի նախաձեռնութեան համար»:

Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Մարդկային վեհ արժէքներ կրող պատմութիւնը անգամ մը եւս  կ՛ապացուցէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան փաստը»:

Խօսք առաւ նաեւ  ժապաւէնի պատմող ֆինլանտացի պատմաբան, ցեղասպանագէտ Սվանտէ Լունտկրեն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ հինգ կիներու յիշատակը կենդանի պահած է: Ան ըսաւ, որ մարդասէր կիները իրենց սեփական երկիրներուն մէջ ճանչցուած չէին, մինչ հայ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ մեծապէս գնահատուած է անոնց  մարդասիրական աշխատանքը ու երախտագիտութեամբ յիշուած են:

Ապա ցուցադրուեցաւ «Փրկութեան քարտէսը» ժապաւէնը երկու լեզուներով` հայերէն եւ անգլերէն, երկու տարբեր սրահներու մէջ: Ժապաւէնը փաստագրութիւն է եւ կառուցուած է միայն իրական փաստերու վրայ: Ժապաւէնին հերոսները պատմութեան յայտնի մարդասէրներ են, իրական մարդիկ, որոնք ականատես եղած են հայ ժողովուրդի կոտորածներուն: Հինգ կիները` Մարիա Ճէյքըպսըն (Դանիա), Քարեն Եփփէ (Դանիա), Պոթիլ Պէոռնի (Նորվեկիա), Ալմա Եոհանսըն (Շուէտ) եւ Աննա Հետուիկ Պիւլ (Էսթոնիա) Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներն են եւ մազապուրծ եղած հայ երեխաներու եւ կիներու ապաստանարաններու հիմնադիրները:

Մօտ մէկուկէս ժամ ներկաները ապրեցան հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ցաւոտ բաժինը, բայց այս անգամ օտարներու ձայնով, օտարներու աչքով ու հոգիով, ապրեցան մարդասէր կիներու դժուարութիւնները, բայց նաեւ զգացին այն աստուածային սէրը, զոր կը տածէին անոնք  հայ որբերուն, հայ ժողովուրդի մնացորդացին հանդէպ:

Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ` մարդկային նման հոգիներուն համար, ինչպիսին էին հինգ մարդասէրները, որոնք ժառանգեցին երկինքի թագաւորութիւնը: Վ. Փոլ Հայտոսթեան ըսաւ. «Մարդասէր կիները հաւատքով կրցան պաշտպանել հազարաւոր որբացած հայ փոքրիկներ: Այսօր` 101 տարի ետք, երախտագիտական մեր արտայայտութիւնը կը յայտնենք իրենց: Մենք կ՛առաջնորդուինք իրենց օրինակով եւ փորձառութեամբ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սվանտէ Լունտկրենին, որ ուսումնասիրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ ժապաւէնի ամբողջ ընթացքին խօսած է իր սրտէն ու միտքէն:

Խօսքի աւարտին իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն, ան յուշանուէրներ յանձնեց «Փրկութեան քարտէսը» ժապաւէնի մտայղացման հեղինակ եւ արտադրող Մանուէլ Սարիբէկեանին եւ պատմող Սվանտէ Լունտկրենին:

փրկության ժապավեն1

Scroll Up