ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի Հրատարակութեան 35-Ամեակը Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

Երէկ տօնն էր 35 տարիներ շարունակ լոյս տեսած եւ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն հասած «Մարզիկ»-ին, որ եղաւ ՀՄԸՄ-ի արդի պատմութիւնը եւ փայլուն անցեալը իրարու կամրջող, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքները անմահացնող պարբերաթերթը:

«Մարզիկ»-ի 35-ամեակը հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ 14 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ` Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ` «Մարզիկ»-ի վարչութեան:

MARZIG400-(614)

Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ականներ եւ «Մարզիկ»-ի ընթերցողներու հոծ բազմութիւն մը:

Յատուկ եւ պատշաճ հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

MARZIG400-(145)

«Մարզիկ»-ի վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սաղըրեան արտասանեց բացման խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ սփիւռքի պատմութեան մէջ պաշտօնաթերթերու հրատարակութիւնը ինքնին իրագործում մըն է, իսկ «Մարզիկ»-ի 35-ամեակ թեւակոխելու իրողութիւնը յաւելեալ փաստ մըն է իրագործումներու շարքին մէջ:

«Մարզիկ» հրատարակուած է ՀՄԸՄ-ի զանազան մասնաճիւղերու գործունէութիւնները իրարու ծանօթացնելով ու անքակտելի կապը դառնալով աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականներուն միջեւ:

«Մարզիկ»-ի առաքելութիւնը կը շարունակուի այսօր գրաւոր հրատարակութեան կողքին կայքէջի եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, իսկ 35-ամեակի տօնակատարութիւնները սկիզբ կ՛առնեն Լիբանանէն ու պիտի շարունակուին ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած կառոյցին պատկանող երկիրներուն մէջ», ըսաւ Սաղըրեան:

MARZIG400-(374)f

Բացման խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական հարուստ ու ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին խումբ մը ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ հնչեցուցին հայ երգն ու նուագը, օգտագործելով բազմաթիւ նուագարաններ` դաշնակ, շուի, տհոլ, ֆլիւթ, կիթառ, ճազ եւ քախոն:

MARZIG400-(330)f

Խումբ մը այլ ՀՄԸՄ-ականներ ելոյթ ունեցան պարով, իսկ սկաուտական երկու խումբեր ներկայացուցին տպաւորիչ  կենդանի պատկեր մը, որուն ընդմէջէն իւրայատուկ կերպով անդրադարձան «Մարզիկ»-ի պատմութեան եւ բովանդակութեան` խոստանալով իրենց ներդրումը ունենալ «Մարզիկ»-ի աշխատանքները զարգացնելու եւ բարգաւաճեցնելու առաքելութեան մէջ:

Գեղարուեստական յայտագիրի շրջագիծին մէջ ՀՄԸՄ-ական Ռիթա Վարդանեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք կը շինենք» բանաստեղծութիւնը:

MARZIG400-(446)

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի Մայր կանոնագիրին «Միջոցներ» բաժինին չորրորդ կէտը, ըստ որուն, միութիւնը իր նպատակը կ՛իրագործէ հրատարակութիւններով, հայոց լեզուին, պատմութեան եւ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն նպաստող մշակութային ձեռնարկներով:

«Հրատարակութիւնները` թերթը, գիրքը եւ ալպոմ-յուշամատեաններն են, որոնք յատուկ տեղ եւ կարեւորութիւն ունին ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ: ՀՄԸՄ-ը ի՛նք ծնունդն է թերթի մը` Պոլսոյ «Մարմնամարզ»-ին», ըսաւ Գ. Մկրտիչեան:

Անդրադառնալէ ետք «Մարմնամարզ»-էն ետք հայ ժողովուրդին դիմագրաւած պատմական յատկանշական իրադարձութիւններուն, շրջանցած պայմաններուն եւ ունեցած տարբեր հրատարակութիւններուն, Գ. Մկրտիչեան կեդրոնացաւ «Մարզիկ»-ին վրայ` յայտնելով, որ անիկա միւս բոլոր հրատարակութիւններուն բնական շարունակութիւնը կը հանդիսանայ:

«Մարզիկ»-ը հարազատ ժառանգորդը կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ական պատմական մամուլին: «Մարզիկ»-ը ՀՄԸՄ-ի նպատակները տարածողն է, ՀՄԸՄ-ի արժէքները ծանօթացնողն է, ՀՄԸՄ-ի նուիրեալները անմահացնողն է, հետեւաբար, ան կենսական պահանջ է եւ մնայուն անհրաժեշտութիւն: Յառաջիկային «Մարզիկ» կրնայ ստանալ տարբեր տեսք` տպագիր, ելեկտրոնային թէ այլ, սակայն ան չի դադրիր ՀՄԸՄ-ի ձայնը ըլլալէ, «Կամաւոր բանակ»-ին հարազատ դիմագիծը ներկայացնելէ», ըսաւ ան:

Գ. Մկրտիչեան յայտնեց, որ «Մարզիկ»-ը «Մարզիկ» դարձնողները հանդիսացան անոր յաջորդական խմբագիրները, աշխատակիցներն ու ընթերցողները` աւելցնելով, որ «Մարզիկ» այսօր կը հասնի աշխարհի 5 ցամաքամասեր, 25 երկիրներու 107 քաղաքներ: Հոն, ուր ՀՄԸՄ կայ, հոն «Մարզիկ»-ը ներկայ է:

«ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յանձնառութիւնն է «Մարզիկ»-ը, իբրեւ հրատարակութիւն, հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան կարեւոր մէկ մասունք: Առ այդ, ան նոյնքան կարեւորութիւն կը ներկայացնէ` որքան ախոյեանական որեւէ բաժակ կամ սկաուտական որեւէ յաջողութիւն, որովհետեւ ան կը ծառայէ հայակերտման ու հայապահպանման այն նպատակին, որուն համար ստեղծուած է ՀՄԸՄ-ը», շեշտեց Գ. Մկրտիչեան:

Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ «Մարզիկ»-ը ՀՄԸՄ-ի յիշողութիւնն է, հարստութիւնն է եւ խտացումը այն բոլոր արժէքներուն, որոնք այս միութիւնը սովորական մարզական ակումբէ մը կը զատորոշեն եւ սերունդներու դաստիարակութեան կը ծառայեն:

Ապա ցուցադրուեցաւ «Մարզիկ»-ի 35-ամեայ երթը ներկայացնող ժապաւէն մը, որուն պատրաստութեան համար իրենց ներդրումը ունեցած էին Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Հուրի Էմմիեան:

MARZIG400-(506)

35-ամեայ տօնակատարութեան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ մանաւանդ այս օրերուն հայ մամուլի որեւէ ներկայացուցիչի հիմնադրութեան տարեդարձի նշումը խորիմաստ պատգամներով, այժմէական թելադրականութեամբ ու ժամանակակից հնչեղութեամբ կը ներկայանայ բոլորին, որովհետեւ մամուլը ընդհանրապէս կը գտնուի մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:

«Հայ մամուլի ծառայողներուն, աշխատակիցներուն եւ խմբագիրներուն թիւը օրէ օր նահանջ կ՛արձանագրէ: Առկայ է չափանիշերու յստակ անկում, եւ միջազգային մամուլը հետաքրքրական ու քաշողական դառնալու իր ճիգին մէջ այսօր սկսած է շեղիլ իր հարազատ հունէն եւ, շուկայի կանոններուն ու պահանջներուն հետեւելով, դառնալ անդիմագիծ ու անողնայար ներկայութիւն մը հասարակութեան մէջ: Աւելի՛ն, իր այդ աժան քարոզչական ճիգին մէջ ան կը խախտէ մարդկային ու ազգային սկզբունքներն ու ըմբռնումները` դառնալով սպառողական արտադրութիւն մը», ըսաւ ան:

Յ. Հաւաթեան աւելցուց սակայն, որ գաղափարական մամուլի երիտասարդ, բայց հարուստ կենսափորձ նուաճած մէկ վաւերական ներկայացուցիչին` «Մարզիկ»-ի հիմնադրութեան 35-ամեակն է, որ այսօր կը նշուի, «եւ այս յոբելեանին նուիրուած «Մարզիկ»-ի խմբագրականը լաւագոյնս կը սահմանէ անոր առաքելութիւնը եւ կը հունաւորէ անոր ապագայ երթը: «Այո՛, «Մարզիկ» գործեց եւ պիտի շարունակէ գործել իր խմբագրականին իսկ հաստատումով` «ի խնդիր նորահաս սերունդներու քաղաքացիական օրինակելի կրթութեան եւ ազգային առողջ դաստիարակութեան»: Ան պիտի շարունակէ  գործել «ի սպաս մեր ժողովուրդի վաղուան լուսաւոր ապագայի կերտումին», նշեց ան:

Բանախօսը շեշտեց նաեւ, որ առանց ՀՄԸՄ-ի հարուստ գործունէութեան, մասնաճիւղերու, միաւորներու եւ մարզական խումբերու լայնատարած աշխատանքին «Մարզիկ»-ի էջերը պիտի չկարենային շնչել ու անկարելի պիտի ըլլար անոր թիւերը հարստացնել:

«Փաստօրէն, այսօր երեսունհինգ տարիներու ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնն է, որ ամփոփուած է «Մարզիկ»-ի էջերուն մէջ, եւ այս մէկը ինքնին ազգային անսպառ հարստութեան աղբիւր է անկասկա՛ծ: Յաճախ կ՛ըսենք, բայց այս պարագային իրաւա՛մբ հարց կու տանք, թէ ի՞նչ պատկեր պիտի պարզէր մեր կեանքը, եթէ երբեք չըլլար ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ-ը միայն մարզախաղ չէ, սկաուտական շարժում չէ, այլ ան ամէն բանէ վեր Եռագոյնի ու հայրենիքի պաշտամունք է: ՀՄԸՄ-ականը Եռագոյնի պաշտպան անկեղծ զինուորն է եղած բոլոր ժամանակներուն եւ մանաւա՛նդ երբ դժբախտաբար այդ Եռագոյնը հալածուած է շատերու կողմէ: Այո՛, ՀՄԸՄ-ը Արամ Մանուկեաններու Երեւանը չդատարկելու վճռական որոշումին հարազատ արձագանգումը տուաւ, երբ անդրանիկ հանրապետութեան անկումէն ետք այդ անկախութեան խորհրդանիշ Եռագոյնը բարձրաճակատ պահեց` իբրեւ հայութեան արժանապատուութեան եւ անոր գոյերթին երաշխիքը: Նահատակ ցեղի անմահներով ՀՄԸՄ-ը յաղթեց ու այսօր ալ կը շարունակէ իր յաղթարշաւը: Ներկայ ժամանակներուն մէջ ՀՄԸՄ կը գտնուի իր առաքելութիւնը ընդարձակելու անհրաժեշտութեան դիմաց, որպէսզի նորահաս սերունդները աւելի խուռներամ շարքերով ապրին այս անփոխարինելի ու յաճախ անբացատրելի հպարտանքը եւ դառնան բովանդակ հայութեան, անոր ամբողջական հայրենքի տեսլականին, Եռագոյնին ու հայու ինքնութեան արժանաւոր պահապանները», հաստատեց Յ. Հաւաթեան:

Շարունակելով ներկայ բազմութեան հետ բաժնել իր մտածումները` Յ. Հաւաթեան ըսաւ, որ «Մարզիկ» արժանապատիւ կերպով ժողովուրդի բոլոր տարիքային շերտերուն եւ խաւերուն թերթը դառնալու հարազատ կոչումին արժանացաւ: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ծնողքը կը թերթատէ «Մարզիկ»-ը ու կը հպարտանայ իր փոքրիկին առաջին տողանցքով, հայ մարզիկը կը թերթատէ «Մարզիկ»-ը ու կը հպարտանայ իր արձանագրած մարզական նուաճումներով, հայ սկաուտը կը թերթատէ «Մարզիկ»-ը, եւ ուրախութեամբ կ՛արձանագրէ, որ իր սկաուտական ձեռային աշխատանքը եւ ընդհանրապէս ծաւալած գործունէութիւնը կը դառնայ յաւերժական:

Ապա ան ակնարկեց «Մարզիկ»-ի լիբանանահայ միջավայրի ծնունդ ըլլալու իրողութեան: «Այս առումով նաեւ «Մարզիկ»-ի 35-ամեակը ունի իր թելադրականութիւնը եւ այժմէականութիւնը, եւ մենք հաւաքաբար պարտաւոր ենք գուրգուրալ այս գաղութի ներուժին, մարդուժի պատրաստութեան կարելիութեանց եւ ճառագայթումի անհրաժեշտութեան, որովհետեւ այս բոլորը մեր ճիտին պարտքն է, եւ ոչ մէկ ձեւով բարոյական իրաւունք ունինք ձեռքբերուած նուաճումները անզգուշ ու անխոհեմ վարքագիծով կորսնցնելու:

Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ «Մարզիկ»-ի անցած ուղին արժեւորելու համար անհրաժեշտ է նաեւ առանձնացնել հայ մամուլի պատմութեան ու առաքելութեան մէջ իր ինքնուրոյն տեղը ամրագրելու անոր վճռակամութիւնը, երբ մանաւանդ մեր կեանքին մէջ ամէն օր ականջալուր ու ականատես կը դառնանք թերթերու եւ պարբերականներու թիւի նօսրացումին եւ, դժբախտաբա՛ր, փակումին: «Մարզիկ» գիտակցելով բոլոր դժուարութեանց չ՛երթար դիւրին լուծումներու, այլ ՀՄԸՄ-ականի անկոտրում կամքով կը փորձէ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները:

«Վարձքը կատա՛ր «Մարզիկ»-ի համար «Միշտ պատրաստ» ՀՄԸՄ-ի նշանաբանով առաջնորդուած ու առաջնորդուող բոլոր սերունդներուն», իր խօսքը եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան:

MARZIG400-(532)

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ընթերցեց այս առիթով Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի յղած շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ մեծապէս կը գնահատուի ազգային վեհ արժէքներով մատղաշ սերունդը տոգորելու կոչուած ՀՄԸՄ¬ի երկարամեայ գործունէութիւնը, որուն իւրայատուկ խանդավառութիւն եւ ներշնչում կը հաղորդէ երկարամեայ տպագիր մամուլը: Նախարարը լուսարձակի տակ առած է Կեդրոնական վարչութեան նուիրական ջանքերը` պահպանելու 35-ամեայ պարբերաթերթը, որուն ընդմէջէն անդրադարձ կատարուած է յատկապէս միութեան գործունէութեան եւ աշխատանքներուն: Աւարտին նախարար Յակոբեան շնորհաւորած է «Մարզիկ»-ի 35-ամեակը` մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ եւ ամենայն բարիք, պարբերաթերթի անխափան երթ:

Իր սրտի խօսքին մէջ դեսպանը ըսաւ, որ իսկապէս որեւէ տպագիր մամուլի 35-ամեակի նշումը լուրջ եւ իմաստալից իրադարձութիւն է: Ան դիտել տուաւ, որ խօսելով «Մարզիկ»-ի ունեցած արժէքին մասին, լուսարձակի տակ կ՛առնուի նաեւ ՀՄԸՄ¬ի արժանիքը: «ՀՄԸՄ-ի անուան մէջ մարմնակրթութիւն բառը քիչ իմաստ կը պարունակէ, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը ո՛չ միայն մարմինի կրթութիւն է, այլ նաեւ մտքի եւ հոգիի կրթութիւն է: Այս եռամիասնութիւնն է` ոգի, միտք ու մարմին, որ կ՛առաջնորդէ յաջողութիւններու եւ առիթ կու տայ նուաճելու այն բարձունքները, որոնց միշտ ձգտած է հայ ժողովուրդը: ՀՄԸՄ-ը, կրթելով ու դաստիարակելով ուժեղ հայ անհատներ, միաժամանակ անոնց մէջ կը սերմանէ հաւաքականութիւն, ընդհանրականութիւն, որպէսզի միասնաբար գործելու, մէկզմէկու թիկունք կանգնելու եւ իրարու աջակցելու, խումբի անդամ ըլլալու սկզբունքը ամրապնդուի եւ գործնական դառնայ, որովհետեւ այդպիսով իւրաքանչիւրը կը դառնայ ամբողջ ժողովուրդի մը ներկայացուցիչը», ըսաւ դեսպանը:

MARZIG400-(565)f

Ապա ան յայտարարեց, որ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը պարգեւատրէ Հայաստանի Հանրապետութեան «Ոսկի մետալ»-ով` «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 35-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ «Մարզիկ»-ի խմբագիր Վիգէն Աւագեան կը պարգեւատրուի շնորհակալագիրով` «Մարզիկ»-ի մէջ իր երկարամեայ գործունէութեան եւ Հայաստան¬Սփիւռք գործակցութեան նպաստելուն համար:

MARZIG400-(552)

«Մարզիկ»-ի հրատարակութեան 35-ամեակին առիթով առաջնորդ սրբազանը եւս փոխանցեց իր սրտին խօսքը. ան շեշտեց, որ մթնոլորտը տօնական է, իսկ տրամադրութիւնը` յաղթական, որովհետեւ հայ մամուլին յաղթանակն է, որ կը նշուի` «Մարզիկ»-ի 35-ամեակին ընդմէջէն:

Իր յուշերուն մասին պատմելով, Շահէ եպս. Փանոսեան սրբազանը յայտնեց, որ իրեն համար յատկանշական եղած է, երբ դպրեվանքին մէջ աշակերտած տարիներուն ստացած են «Մարզիկ»-ի առաջին թիւը:

«Եթէ ճաշակով շարուած լուսանկարներով, յօդուածներով ու գրութիւններով պատրաստուած «Մարզիկ»-ի 400 թիւերը իրարու քով շարենք, ապա մենք կ՛ունենանք մեր կեանքին խճանկարը», ըսաւ ան:

Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ իրենք գովեստով կը յայտնեն, թէ ՀՄԸՄ-ը երախտաւորը կը կերտէ, իսկ «Մարզիկ»-ը գրչի ճամբով աջակից կ՛ըլլայ հայապահպանումի համար տարուած ճիգերուն: Ան մաղթեց, որ ՀՄԸՄ-ը մնայ հայ կեանքին մէջ տիրական ներկայութիւն եւ շարունակէ ազգային կեանքին մէջ արժէքները պահպանել:

Պաշտօնական ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով: Սակայն 35-ամեակի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարզիկ»-ի 400-րդ թիւի գինեձօն եւ հիւրասիրութիւն` Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվողլանեան ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Վիգէն Աւագեանը, որպէսզի այս առիթով փոխանցէ իր սրտին խօսքը:

«Մարզիկ»-ի 244 թիւերու խմբագիրը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ վարձքը կատար ըսաւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ ու ջանք չխնայեցին «Մարզիկ»-ի անխափան հրատարակութիւնը երաշխաւորելու` ըլլան անոնք կենդանի կամ մահացած, բոլոր անոնց, որոնք միշտ կանգնեցան պատնէշի վրայ կամ քուլիսներու ետին, յաղթահարեցին ամէն տեսակի դժուարութիւն, որպէսզի «Մարզիկ»-ը գոյատեւէ եւ շարունակէ իր երթը:

«Այսօր մենք գինեձօնը պիտի կատարենք «Մարզիկ»-ի 400-րդ թիւին, չեմ գիտեր, եթէ կայ լեզու մը, որուն մէջ գիրքի մը տպագրութեան համար կ՛օգտագործուի լոյս տեսաւ եզրը: Միայն հայերս ենք, որ կ՛ըսենք լոյս տեսաւ. այս պարագային «Մարզիկ»-ը 400 անգամ լոյս տեսաւ եւ ՀՄԸՄ-ի լոյսը տարածեց աշխարհի չորս ծագերուն: «Մարզիկ»-ը լուսաւորեց մեր տուները, ակումբները, վաճառատուները, լուսաւորեց մեր ուղին, որ միշտ կը տանի դէպի բարձրացում, որպէսզի մենք ալ բարձրացնենք մեր ժողովուրդը եւ հասնինք այն բարձունքին, ուր մենք պիտի յաջողինք Եռագոյնը տեղադրել», հաստատեց Վ. Աւագեան: Ան դիտել տուաւ, որ «Մարզիկ»-ը լոյս տեսած է բաւական դժուար պայմաններու մէջ, առանց պատրաստուած արհեստավարժ մարդուժի, սակայն շարունակած է իր երթը շնորհիւ անոր առաքելութեան հաւատացողներուն եւ անոր նեցուկ կանգնողներուն:

Ապա Շահէ եպս. Փանոսեան, Գէորգ եպս. Ասատուրեան, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Գ. Մկրտիչեան Վ. Աւագեան  եւ «Մարզիկ»-ի նախկին խմբագիրներէն Վարուժան Մուրատեանի կինը` Յասմիկ Մուրատեան ու Երուանդ Տեմիրճեանի զաւակը` Կարօ Տեմիրճեան կատարեցին «Մարզիկ»-ի 400-րդ թիւի գինեձօնը:

MARZIG400-(840)

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ 35-ամեակի կարկանդակի հատումով:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up