Հրաժեշտի Խարոյկը Այս Անգամ Կը Վառի «Արի Տուն» Ծրագիրի 130 Երիտասարդի Համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/IMG_6195.jpg)
Յուլիս 15-ին` ժամը 18.00-ին, Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի երրորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր:
Արիտունցիները հանդէս պիտի գան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած են ճամբարային օրերուն ընթացքին:
Նշենք, որ ծրագիրի երրորդ փուլին կը մասնակցի 130 պատանի ու աղջիկ աշխարհի 10 երկրէ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռումանիայէն, ԱՄՆ-էն, Լեհաստանէն, Թուրքմէնստանէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն, Թուրքիայէն, Սուրիայէն: