Բակօ Սահակեան Բարերար Կարէն Խաչատրեանին Յանձնած Է «Վաչագան Բարեպաշտ» Մետալը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 12-ին ընդունած է բարերար Կարէն Խաչատրեանը եւ քննարկած անոր հետ Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:
Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին Նախագահ Սահակեան ԼՂՀ-ին մատուցած ծառայութիւններուն համար Կարէն Խաչատրեանին յանձնած է «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալ` բարձր գնահատելով անոր հայրենանուէր գործունէութիւնը: