Իւրայատուկ Ցուցադրութեան Կը Մասնակցին Հայ Արհեստաւորներ Եւ Ոսկերիչներ
Երեքշաբթի, 12 յուլիս 2016-ին` ժամը 10:00-ին բացումը կատարուեցաւ Եունայթըտ նէյշընզ ինտասթրիյըլ տեվըլոփմընթ օրկընայզէյշընին (ԵՈՒՆԻՏՕ) որդեգրած եւ զարգացման արժանի լիբանանեան երկու կարեւոր մարզերու արտադրութիւններու ցուցահանդէսին, Ճըմմէյզէի հին ոճ ունեցող տուներէն մէկուն գետնայարկը: Ցուցադրուեցան Պուրճ Համուտի ոսկերչութեան եւ Թրիփոլիի կահոյքի մարզերու յատկանշական արտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ձիթաիւղը եւ ոչ քիմիական (օրկանիք) ուտելիքներ:
Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի դեսպան Քրիսթինա Լասըն, Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթի, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՏՕ-ի ներկայացուցիչ Քրիսթիանօ Փասինի, ընդհանուր տնօրէններ եւ պետական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ արուեստասէրներ:
Մասնակցող ոսկերիչները, Պատկեր մշակութային կեդրոնին օժանդակութեամբ, աշխատանք տարած էին, որպէսզի իրենց գործերը համապատասխանէին ծրագիրի հիմնական նպատակին` արտացոլացնելով նորարարութիւն եւ մշակոյթ:
Թրիփոլիի կահոյքը ներկայացուած էր Օգճեան ընտանիքին հմուտ ձիրքերուն շնորհիւ:
Չորեքշաբթի, 13 յուլիսին, ժամը 7:00-ին տեղի պիտի ունենայ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի Միսաք Հաճիաւետիքեանին հաւաքածոն, որ կը կրէ Արա գեղեցիկ անունը, եւ որուն մաս կազմող կարգ մը հագուստներ պիտի կրեն ոսկերչական զարդեր:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի, առիթ տալով այլ ոսկերիչներու իրենց մասնակցութիւնը բերելու:
Իւրայատուկ այս փորձառութիւնը առիթ պիտի տայ նոր մօտեցումով զարկ տալու Պուրճ Համուտի հայ ոսկերչութեան:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: