Հայ Դատի ԱՄՆ Յանձնախումբը Ողջունած Է Հայկական Հարցերով Յանձնախումբի Նոր Համանախագահները
Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը ողջունած է ԱՄՆ քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի նոր համանախագահներու պաշտօնին Ճեքի Սփայերի եւ Տեյվիտ Վալատոյի նշանակուելու առիթով: Անոնք գործունէութիւն պիտի ծաւալեն ներկայիս համանախագահներ Ֆրենք Փալոնի եւ Ռոպերթ Տոլտի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի փոխնախագահներ Ատամ Շիֆի եւ Տեյվիտ Թրոթի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբէն:
Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համփարեան ողջունած է Սփայերը եւ Վալատոյը նոր պաշտօնին համար: «Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրէսականներ Տոլտին եւ Փալոնին իրենց աշխատանքին համար եւ կ’ակնկալենք աշխատիլ նոր համանախագահներ Սփայերի եւ Վալատոյի, ինչպէս նաեւ փոխնախագահներ Շիֆի եւ Թրոթի հետ` աջակցելու յանձնախումբի աշխատանքներուն»,- նշած է ան: