Մոսկուայի մէջ բացուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/13626968_1257223807635814_3150157583083941873_n.jpg)
Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.) արդէն մասնաճիւղ ունի նաեւ Մոսկուայի մէջ: Տակաւին փոքրաթիւ սկաուտական խումբը իր առաջին բանակումը իրականացուցած է: 5 օրերու ընթացքին պատանիները գործնականօրէն ծանօթացած են սկաուտական հմտութիւններուն: