Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն ՀՀ-ն 33 Մարզիկ Պիտի Ներկայացնէ

Լողորդներ Վահան Մխիթարեան եւ Մոնիքա Վասիլեան համալրած են Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականը: Անոնք Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցին «Սպիտակ քարտ»-ով:

Այսպիսով, անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն մեր երկիրը կը ներկայացնէ 33 մարզիկ, կը տեղեկացնէ ՀՀ ազգային ողիմպիական կոմիտէն:

Ռիոյի Ողիմպիական խաղերը 31-րդն են: Խաղերու բացման պաշտօնական արարողութիւնը կը կայանայ Օգոստոս 5-ին Ռիոյի հիղինակաւոր «Մարաքանա» մարզադաշտին մէջ: Օգոստոս 5-21` աշխարհի 205 երկրէ մօտ 10.500 մարզիկ պիտի մրցի մետալներու 306 հաւաքածուի համար: Ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան Ռիոյի 4 շրջանի` Քոպաքապանայի, Մարաքանայի, Տէոտորոյի եւ Պարայի 33 մարզակառոյցներուն մէջ:

Scroll Up