Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան 35-րդ պատգամաւորական ժողովի հաղորդագրութիւնը

Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր 35-րդ պատգամաւորական ժողովի աշխատանքները յաջողութեամբ կատարեց Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 Յունիս 2016-ին: Ժողովը բարձր գնահատեց Շրջանաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը: Ժողովը իր օրակարգերու լրումին ընտրեց յառաջիկայ տարեշրջանին համար իր նոր Շրջանային վարչութիւնը: Նորընտիր վարչութիւնը իր կազմը ընտրեց հետեւեալ կարգով՝

Նորա Սեւակեան                 Ատենապետ

Գարլա Գըւըրեան               Փոխ ատենապետ

Ատէլ Գրաճեան                   Ատենադպիր

Մարալ Փիլիպոսեան          Փոխ ատենադպիր

Սեդա Պոյաճեան                 Հաշուապահ

Սիւզի Սիմոնեան                Գանձապահ

Անի Բանոյեան                    Խորհրդական

Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը գաղութի հոգեւոր, ազգային, միութենական եւ կրթական բոլոր կառոյցներուն հետ  համագործակցելու եւ անոնց աշխատանքներուն զօրակցելու, ինչպէս նաեւ իր ժողովուրդի զաւակներուն զանազան կարիքներուն հասնելու հեռանկարով կը սկսի իր գործունէութիւնը միշտ պարկեշտ ու հաւատարիմ մնալով ՀՕՄ ի առաքելութեան ու աշխատելաձեւին:

Աւստրալիոյ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւն

Scroll Up