«Հայաստան. Ստեղծենք Միասին» Առաջին Երիտասարդական Հաւաքը Շարունակեց Իր Աշխատանքները ՀՀ ԱԳՆ Դիւանագիտական Դպրոցին ՄԷջ
Յուլիս 11-ին աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու ուսանողներու եւ շրջանաւարտներու` «Հայաստան. Ստեղծենք միասին» երիտասարդական հաւաքի ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ ՀՀ ԱԳՆ Դիւանագիտական դպրոցին մէջ մեկնարկեց «Հայկական շահերու պաշտպանութիւն եւ մետիա» աշխատանքային խումբի` «Ղարաբաղեան հիմնահարցը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն առաջ եւ յետեյ» առաջին թեմատիկ նիստը, որ վարեց ՀՀ ԱԳՆ դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեան:
Վ. Գաբրիէլեան հակիրճ ներկայացուց դիւանագիտական դպրոցի գործունէութիւնը, կարեւոր համարեց Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ իրականացուող երիտասարդական հաւաքի նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ վերջինս միտուած է մէկտեղելու եւ համախմբելու աշխարհի հայ երիտասարդներու ներուժը:
ՀՀ Նախագահի օգնական Վարուժան Ներսիսեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սկզբնաւորման, զարգացումներուն եւ հեռանկարներուն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն նման նախաձեռնութեան համար` Վարուժան Ներսիսեան հանգամանալից ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի պատմական եւ իրաւաքաղաքական կողմերը, ներկայիս գործընթացները եւ հեռանկարները:
ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան հանդէս եկաւ «Խորհրդարանական դիւանագիտութիւնն ու հայկական շահերու պաշտպանութիւնը Ղարաբաղեան հիմնահարցի ծիրէն ներս» զեկոյցով:
Թ. Պօղոսեան անդրադարձաւ Արցախեան հիմնախնդրի բանակցային գործընթացին, լուծման մեքենականութեան, խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութեան: Խօսելով ազգային շահերուն մասին` պատգամաւորը կարեւոր նկատեց խորհրդարանական համաժողովներուն մէջ ատոնց արդիւնաւէտ ներկայացման անհրաժեշտութիւնը:
«Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը» թեմայով հանդէս եկած քաղաքագէտ, տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերով փորձագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն` կարեւոր համարելով Հայաստանի դերը տարածաշրջանային անվտանգութեան ծիրէն ներս եւ ատոնց մէջ արտաքին գործօններու հնարաւոր դերակատարութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դիրքորոշումը» զեկոյցով ներկայացուց ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան:
Նիստէն յետոյ տեղի ունեցաւ աշխոյժ, կառուցողական քննարկում, մտքերու փոխանակում:
Երեկոյեան հաւաքի մասնակիցները Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պարի պետական անսամպլի համերգին: