«Հայաստան. Ստեղծենք Միասին» Առաջին Երիտասարդական Հաւաքի Մասնակիցները Այցելեցին «Սինոփսիս Արմէնիա» Եւ «ՊեթՔոնսթրաքթ» Ընկերութիւններ

Յուլիս 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներուն հետ համագործակցութեամբ եւ ՏՀՏ գործատուներու միութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութիւն: Հաւաքի մասնակիցներուն ողջունեց ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Շատ կարեւոր հիւրեր էք մեզի համար: Սիրով կը ծանօթացնեմ մեր կազմակերպութեան գործունէութեան: Համոզուած եմ, որ ձեզմէ շատերը ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներ կը դառնան, Հայաստան ճանաչելի կը դարձնեն աշխարհին: Մեր հիմնական առաւելութիւնը մարդկային ներդրումն է, մեծ ներուժը: Մեր ոլորտի գործունէութեան համար սահմանները չեն կրնար խոչընդոտ ըլլալ: «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ հիմնադրուած է 2004թ: Այդ ժամանակուընէ սկսած` Սինոփսիս Արմէնիան դարձած է Սինոփսիս ընկերութեան կարեւորագոյն մասնաճիւղերէն մէկը: Այսօր այն ամենամեծ IT ընկերութիւնն է Հայաստանի մէջ: Ընկերութիւնը համաշխարհային ելեկտրոնային շուկան կը համալրէ ծրագրային ապահովման, համակարգերու, կիսահաղորդչային մտաւոր սեփականութեան (ՄՍ) եւ ծառայութիւններու նորարարութիւններով»:

Երիտասասարդները ծանօթացան կազմակերպութեան յաջողութեան պատմութեան, (Microelectronic)  ոլորտին մէջ զարգացման համաշխարհային միտումներուն եւ մարտահրաւէրներուն, շրջայց կատարեցին նաեւ ընկերութեան ուսումնական բաժանմունքին մէջ:

Այնուհետեւ հաւաքի մասնակիցները այցելեցին «ՊեթՔոնսթրաքթ» ընկերութիւն, ուր երիտասարդներուն դիմաւորեց կազմակերպութեան ներքին զարգացման ղեկավար Արմինէ Մկրտչեան եւ ԱՄՆ-էն մէկ օրով Հայաստան գտնուող «ՊեթՔոնսթրաքթ» ընկերութեան (CEO) գլխաւոր տնօրէն​ Վահէ Պալուլեան: Հիւրերը ծանօթացան ընկերութեան գործունէութեան, վերջին նուաճումներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն: Երիտասարդները հանդիպեցան նաեւ ընկերութեան սփիւռքահայ աշխատակիցներուն հետ, որոնք ներկայացուցին Հայաստան ապրելու եւ աշխատելու իրենց փորձը:

1 2 3

Scroll Up