«Շատ Կը Ցանկամ, Որ Աշխարհի Բոլոր Հայ Երիտասարդները Իրար Ճանչնան». Էլէն Ներսիսեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/Ari-tun-karcikner.jpg)
Մեկնարկեց «Արի տուն- 2016» ծրագիրի հերթական փուլը, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած հայորդիներ. Անոնցմէ մէկ մասին համար Հայաստան միշտ երազ եղած է, ոմանք մէկ կամ քանի մը անգամ եղած են Հայաստանի մէջ: «Հայերն այսօր»-ի համար պատրաստած հարցազրոյցիս հերոսները` գեղադէմ ու հայրենակարօտ մեր երեխաները, տարուած էին ծրագիրի բացման արարողութեամբ եւ այդ տպաւորութեամբ ալ ` քիչ մը յուզուած, պատասխանեցին իմ հարցերուս:
Արա Էքիզեան, Շուէտ, 16 տարեկան
-Ես ու եղբայրս` Գէորգը, առաջին անգամ կու գանք Հայաստան: Շատ լսած էինք Հայաստանի մասին, սակայն միշտ կ’երազէինք մեր աչքերով տեսնել, եւ այսօր այն իրականութիւն դարձաւ: Առաջին տպաւորութեամբ մեր Հայրենիքը նման է մեր լսածներուն, սակայն դեռ նոր եկած ենք եւ ամբողջական պատկերացում կը կարենանք կազմել միայն վերջին օրերուն: Հիմա քիչ մը յուզուած ենք, քիչ մը շփոթուած, կարծես երազի մէջ ըլլանք:
Գէորգ էքիզեան, Շուէտ, 17 տարեկան
-Ես Արային մեծ եղբայրն եմ, շուտով 18 տարեկան կ’ըլլամ, անկէ մեծ եմ 1 տարի 8 ամիսով: Մեր երազանքը եղած է Հայրենիք գալ, որուն մասին պատմած է մեր հայրը: Մենք Շուէտի մէջ կը յաճախենք հայկական կիրակնօրեայ դպրոց, տունը կը խօսինք հայերէն: Գիտենք հայրենասիրական երգեր, գիտենք Հայոց ցեղասպանութեան մասին. մենք բոլորս ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասին իմացանք, անհանգիստ էինք եւ պատրաստ էինք գալ ու պաշտպանել մեր Հայրենիքի , Արցախ աշխարհի սահմանները, թէեւ տարիքով փոքր ենք: Մենք երբեք չենք մոռնար, որ հայ ենք:
Ինեսա Սեւիկեան, ԱՄՆ, Օհաիօ, 13 տարեկան
-Ես Հայաստան եկած եմ մօրաքրոջս աղջկան` Էլէնին հետ: Երկրորդ անգամ Հայաստան կու գանք, ծրագիրին մասին լսած ենք մեր հօրեղբօրմէ, որ հիմա այս դահլիճին մէջ է եւ կը մասնակցի ծրագիրի հերթական փուլի բացումին: Մենք Հայաստանի մասին շատ լսած ենք, մեր ընտանիքներէն ներս հայերէնը չի մոռցուիր: Շատ կը ցանկայի, որ ամբողջ աշխարհ ճանչնար Հայաստան, հայերուն, մեր պատմութիւնը:
Էլէն Ներսիսեան, ԱՄՆ, Օհաիօ, 16 տարեկան
-Ես ալ երկրորդ անգամ Հայաստան կու գամ, այս ծրագիրին մասին, ինչպէս ըսաւ Ինէսը, լսած ենք մեր հօրեղբօրմէ: Հայաստանի մասին շատ կը լսենք, գիտենք հայոց պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին, սակայն մեզի ըսին, որ այս ծրագիրի ծիրէն ներս մենք պիտի այցելենք շատ տեսարժան վայրեր եւ աւելին պիտի իմանանք Հայաստանի մասին: Ամերիկայի մէջ քիչերը գիտեն Հայաստանի ու հայերու մասին. Մենք կը յաճախենք ամերիկեան դպրոց, մեր տարեկիցները այդ դպրոցին մէջ գրեթէ բան չեն գիտեր հայերու մասին, սակայն գիտեն, որ մենք հայուհիներ ենք, մեր շնորհիւ իմացան նաեւ, որ Հայաստան պետութիւն կայ: Ես շատ կը ցանկամ, որ աշխարհի բոլոր հայ երիտասարդները իրար ճանչնան:
Ալինա Մովսիսեան, ՌԴ, քաղաք Լոպնիա, 15 տարեկան
-Ես հայկական դպրոց կը յաճախեմ, ծրագիրին մասին լսած եմ իմ ուսուցչուհիէս: Երկրորդ անգամ Հայաստան կու գամ: Կը սիրեմ իմ Հայրենիքս, շատ ուրախ եմ, որ կը մասնակցիմ այս ծրագիրին, յոյս ունիմ, որ շատ յիշարժան օրեր կ’ունենամ եւ լաւ տպաւորութիւններով կը վերադառնամ, որոնք կը փոխանցեմ իմ ընկերներուս: Մեզի այստեղ շատ ջերմութեամբ ընդունեցին, կարծես տունը ըլլանք: Այնքան ոգեւորուած եմ, որ չեմ կրնար ըսել այն ամէնը, որ կը զգամ այժմ: Ծրագիրի աւարտէն յետոյ, երբ ի մի կը բերեմ տեսածս ու սորվածս, կը կարենամ լիարժէքօրէն պատասխանել տրուող հարցերուն: Շնորհակալութիւ՛ն բոլոր կազմակերպիչներուն, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանին: Կը սիրեմ քեզ, Հայաստա՛ն:
Հայրենաբաղձ այս հայորդիներու խօսքերէն յետոյ դահլիճին մէջ հնչող հայրենասիրական խրոխտ երգի հնչիւններու ներքոյ կը տեսնեմ անոնց պարը, վեր պարզած ձեռքերը, ոգեւորութիւնն ու յուզուած դէմքերը, որոնք միայն մէկ բան կ’ըսեն` բացառի՛կ է հայու տեսակը աշխարհի մէջ, եւ կ’ապրի հայը, կը յարատեւէ, քանի դեռ ունինք այսպիսի երիտասարդութիւն:
Կարինէ Աւագեան