ԼՕԽ-ի 57-րդ Պատգամաւորական ժողովը

ԼՕԽ-ի 57-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 8-10 յուլիս 2016-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանի,  ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու 82 պատգամաւորներու, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան եւ հրաւիրեալներու:

57-րդ Պատգամաւորական ժողովը քննեց ԼՕԽ-ի անցնող երկամեակի բազմերես գործունէութեան տարբեր մարզերը եւ կատարեց համապատասխան արժեւորումներ: Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ լիբանանահայութիւնը յուզող առողջապահական, կրթական, քարոզչական, դաստիարակչական, կազմակերպչական, յարաբերական,  տնտեսական, ընկերային եւ խնամատարական հիմնական կարիքներու եւ անհրաժեշտ որոշումներ որդեգրեց այդ ուղղութեամբ: Յատուկ քննութեան արժանացան «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութիւնը  եւ սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2016-2018 երկամեակի նոր Շրջանային վարչութիւն, որուն մաս կազմեցին`

Մարալ Մխճեան
Սօսի Արամեան
Նազելի Աւագեան
Մարալ Յովհաննէսեան
Մարօ Թազեան
Իսկուհի Գաբլանեան
Սեդա Մածունեան
Սիլվա Գարակէօզեան
Հուրի Պաճիկեան
Ցօղիկ Հաւաթեան
Անի Պաղտիկեան

ԴԻՒԱՆ ԼՕԽ-Ի 57-ՐԴ
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Scroll Up