«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան «Արեգ» Պարախումբին Ելոյթը
Անցնող շաբաթավերջին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբը իր երեք խումբերով` մեծերու, միջակներու եւ փոքրերու, հանրութեան ներկայացաւ «Հայ ենք մենք» խորագիրը կրող 3 պարային ելոյթներով, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար` Շահէ Տեմիրճեան, փոքրերու խումբի պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար` Սարին Արթինեան-Տեմիրճեան:
Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած կալա-ելոյթին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք «Արեգ» պարախումբը իր երեք խումբերով կատարեց բացման պարը` «Մէկ ընտանիք» խորագիրով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեց «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ Անի Եփրեմեան: Ան յայտնեց, որ «Հայ ենք մենք» ելոյթը ամբողջովին նուիրուած է հայոց բանակին, մեր բոլոր հերոսներուն եւ նահատակներուն: «Հայ ենք մենք եւ բոլորս պատրաստ եւ կամաւոր զինուորագրեալներն ենք մեր աննման հայրենիքին, պահապաններն ենք անոր սահմաններուն, նախանձախնդիր տէրերն ենք անոր անվտանգութեան: Հայ ենք մենք, յանդուգն ու խրոխտ, բարձր ու խիզախ Արարատ լերան նման» հաստատեց Եփրեմեան, աւելցնելով, որ «Արեգ» պարախումբի բոլոր անդամները, իբրեւ վերապրողի թոռներ ու ծոռներ անգամ մը եւս պիտի փաստեն, որ հայերը եւ քաջերը չեն խոնարհիր: Ա. Եփրեմեան շեշտեց, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ հալածանքներուն, մենք ապրեցանք եւ պիտի ապրինք մեր հաւատքով եւ մշակոյթով, որովհետեւ «Հայ ենք մենք» եւ այս է պարախումբի ելոյթին գլխաւոր պատգամը: Աւարտին, ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ նպաստեցին ելոյթի յաջողութեան:
Յայտագիրը ընթացք առնելով յաջորդաբար ներկայացուեցան հետեւեալ պարերը. «Ղափամա» կատարողութեամբ` մեծերու խումբին, «Սեւան»` միջակներու խումբին, «Վարդերու պար»` մեծ աղջիկներ, «Արեւի երկիր»` փոքրեր, «Կեանք»`մեծեր, «Հայ ենք մենք»` մեծ աղջիկներ, «Չէ Կէւարա»` մեծեր, հնդկական պար` միջակներ, «Մոկաց հարսներ»` մեծ աղջիկներ, «Շարան»` փոքրեր, «Արեւելեան աշխարհ»` մեծեր, «Տիասփորա»` միջակներ, «Սարերի հովին մեռնեմ»` մեծ աղջիկներ, «Մենք ենք մեր սարերը»` միջակներ, «Սասնայ եարխուշտա»` մեծեր եւ փակման պար` կատարողութեամբ բոլոր խումբերուն:
Արդարեւ, «Արեգ» պարախումբի ելոյթին նոր դիմագիծը, ներկայացուած նոր յայտագիրը` իր պարային մեկնաբանութիւններով, ինչպէս նաեւ տարազներու ընտրութիւնը` իրենց համապատասխան գոյներով եւ ձեւերով մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ;
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: