Բարերարներ Պապայեաններու Նախաձեռնութեամբ Մեծ Խանչալի Գիւղին Մէջ Տեղադրուեցաւ Խաչ

Խաչը քրիստոնեայի համար պսակ է, որ կը բացատրէ Քրիստոսի կեանքի իմաստը, այն` որ Յիսուս ի սէր մարդկութեան եկաւ աշխարհ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ եւ իր խաչելութեամբ նոր իմաստ ու խորհուրդ տուաւ խաչին: Խաչը ոչ միայն կեանքի, այլեւ ներշնչանքի աղբիւր դարձաւ հաւատացեալ հայուն համար: Դարերուն ընթացքին տեղադրուեցան զմայլելի խաչեր, որոնք այսօր հայ ժողովուրդի հոգեւոր հարստութիւնն են եւ անմահութեան գրաւականը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկայ akhaltskha.net կայք-էջէն:

Նինոծմինտայի շրջանի Մեծ Խանչալի գիւղին մէջ եւս տեղադրուեցաւ Խաչ բարերարներու նախաձեռնութեամբ եւ գիւղի երիտասարդներու միջամտութեամբ: Բարերարներն էին Մեծ Խանչալի գիւղի Ռուսաստանաբնակ Սերգէյ, Արտիւշ եւ Վալոտեայ Պապայեանները: Տեղադրման արարողութեան ներկայ էին Նինոծմինտայի Սաքրեպուլոյի պատգամաւոր Սեդրակ Շահբազեան, Մեծ Խանչալիի վարչական միաւորման ներկայացուցիչ Արմէն Անանիկեանն ու գիւղի բնակիչները:

«Այս խաչը խանչալցիներուն համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի եւ մեծ պատիւ է: Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Պապայեաններուն այսպիսի լաւ գործի համար: Խաչին հետ կապուած դեռ շատ աշխատանքներ կան. պէտք է տեղադրուին լոյսեր, խաչին վրայ պիտի գրուի «Մեծ Խանչալի» եւ պիտի կանոնակարգուի յարակից տարածքը: Մէկ ամսուան ընթացքին պիտի  կատարուին բոլոր աշխատանքները եւ տեղի պիտի ունենայ մեծ բացում` բարերարներու ներկայութեամբ» ,- ըսաւ Խանչալիի վարչական միաւորման ներկայացուցիչ Արմէն Անանիկեան:

Հայ ժողովուրդը խաչին մէջ տեսած է իր գոյութեան իմաստն ու կեանքի աղբիւրը` դարերու մէջ երբեք չդաւաճանելով Խաչը ու չուրանալով զայն: Թո՛ղ այս խաչը պահապան ըլլայ ոչ միայն Խանչալի գիւղի բնակիչներուն, այլեւ` ամբողջ քրիստոնեայ հայ ժողովուրդին:

 

Scroll Up