Թուրքիան Յայտ Ներկայացուցած Է Լաւաշը ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի Ցանկին ՄԷջ Ներառելու Համար
Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Իրանը, Ղրղզստանը եւ Ղազախստանը միասին յայտ ներկայացուցած են ԵՈՒՆԵՍԿՕ` լաւաշը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու համար:
«Բարակ հացի պատրաստման մշակոյթը» անունը կրող յայտին վերաբերեալ որոշումը պարզ կը դառնայ Եթովպիոյ մէջ Նոյեմբեր 28-էն Դեկտեմբեր 2 կայանալիք ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին պայմանադրութեան 11-րդ միջակառավարական կոմիտէի ժողովի ժամանակ:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պաշտօնեաները նշած են, որ լաւաշը սերտօրէն կապուած է տեղական աւանդոյթներուն հետ եւ կ’օգտագործուի մշակութային ծէսերուն մէջ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան 2013-ին «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» անուանումով յայտ ներկայացուցած էր ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ին: Վերջինը Հայաստանի յայտը ներառած էր ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ: