Հրազդան Զէյթլեան Կ՛ուզէ Ստեղծել Նորարարական Ճարտարապետութիւն Մը, Որ Վերակենդանացնէ Հայ Ճարտարապետութեան Պատմական Դերակատարութիւնը
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՀՐԱԶԴԱՆ ԶԷՅԹԼԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՀՐԱԶԴԱՆ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Կը սիրեմ ճարտարապետութիւնը, հանրային տարածքը (public space) եւ արուեստագիտութիւնը (technology) ու իմ կիրքերը կը տեղադրուին հոն, ուր այս ստորոգութիւնները կը միարկուին։
Քաշողականութիւն մը կը զգամ դէպի նորարարական շէնքերու յղացումը։ Կը մերուիմ գաղափարներու, որոնք կը լուծեն մեծ խնդիրներ կամ կը բարւոքեն մարդկային փորձառութիւնը եւ կը յառաջացնեն միջավայրը։
Ճարտարապետութիւնը այսօր, բնականաբար, կը կիրառուի համաշխարհային մակարդակով, որովհետեւ արուեստագիտութեան յառաջխաղացքը կը դիւրացնէ կապերու հաստատումը լայն տարածութիւններու վրայ։ Ղեկավարն եմ իմ անձնական գրասենեակինս՝ «Սթրուէրէ» (Struere), ուր տեղական եւ միջազգային ճարտարապետական գործառնութիւններու վրայ կ՛աշխատիմ։
«Սթրուէրէ» (լատիներէն)՝ կը նշանակէ կերտել։ Երբ ընկերութեանս անունը կը փնտռէի, ինծի համար կարեւոր էր, որ անունը ըլլայ բայ մը եւ ոչ թէ պարզ անուն մը։ Նախքան անձնական ընկերութիւնս հիմնելը, աշխատած եմ Gensler, Leo Daly եւ DLR ընկերութիւններուն մէջ։
ԺՈՒԼԻԷԹ ԴԱՒԹԵԱՆ.- Կը ներկայացնէք խնդրեմ ձեր կենսագրական անցեալը եւ ինչպէ՞ս է այն ազդել ձեր ստեղծագործութիւնների վրայ։
ՀՐԱԶԴԱՆ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Ծնած եմ Ապրիլ 1965ին, Լիբանանի հայաբնակ Այնճար աւանին մէջ։ Մեր Այնճարը իսկական բացօթեայ քաղաքային թանգարան մըն է՝ իր հին հռոմէական ճամբաներով եւ Ումմայեատեան արաբական քաղաքի մը փլատակներով։ Այս միջավայրին մէջ էր որ առաջին անգամ քաշողականութիւն զգացի դէպի ճարտարապետութիւնը։
Հայրս ազգային ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանն է եւ մայրս՝ գրագիտուհի Սոնա Զէյթլեանը։ Ծնողքէս վստահաբար ժառանգած էի սէրը հայ լեզուին եւ աւելի ճիշդ՝ հայ լեզուի ուրոյն ճարտարապետութեան հանդէպ։ Սիրել հայ լեզուն՝ կը նշանակէ սիրել ճարտարապետութիւն, միեւնոյն բանն է։
Նախնական ուսումս ստացած եմ Հայ Ճեմարանին մէջ, Պէյրութ։ Ուսանողական տարիներուս ընթացքին երկու գործընկերներու հետ հիմնեցի հայկական գրական նորարարական շարժումը՝ կոչուած «Նոր Գրականութիւն», որ իր շուրջը հաւաքեց երիտասարդ մտաւորականներու ամբողջ սերունդ մը։ Այս շարժումը միացուց գրութիւն եւ գծարուեստ՝ ճարտարապետական համադրումով մը։ Այս շրջանի գրութիւններս եւ գծարուեստներս հաւաքուած են շարք մը գիրքերու մէջ, ներառեալ «Անանուն Գիրք»ը (նոր գրականութեան մանիֆեսթօն) եւ «Ռեհ»ը։
ԺՈՒԼԻԷԹ ԴԱՒԹԵԱՆ.- Ձեր մասնագիտութիւնը, մասնագիտութեան գծում ապրած ուղին, ձեռքբերումները, ձախողումները…
ՀՐԱԶԴԱՆ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Ճարտարապետական ուսումս ստացած եմ Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ։ Ճարտարապետութիւն ուսանած եմ նաեւ Ռոտ Այլընտի գծարուեստի հիմնարկին մէջ (RIGD), ինչպէս նաեւ՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։
Ճարտարապետական ասպարէզս սկսած եմ կարեւոր նորարարութիւններով վաճառականական եւ ժամանցի բազմամասն համալիրներու (Retail Entertainment Mall Complexes) գծարուեստին մէջ։ Վաճառականական համալիրներու սխեման վերայղացած եմ՝ շեշտը դնելով հանրային տարածքներուն վրայ, ուր մարդիկ քով-քովի կու գան։ Վերամտածած եմ այս հանրային տարածքները իբրեւ հաղորդակցութեան բացատներ՝ զուգորդուած քաղաքին հետ, բացուած դէպի քաղաքը։ Այս նորարարական համալիրներէն մէկը Ըրվայնի ժամանցի կեդրոնն է (Irvine Entertainment Center), Ըրվայնի մէջ, Օրենճ Քաունթի։
Յատուկ փորձառութիւն ձեռք ձգած եմ ֆիլմաթատերասրահներու գծարուեստին մէջ։ Յղացած շէնքերէս մին՝ Հոլիվուտի մէջ Cinerama Dome ֆիլմաթատերասրահային համալիրն է։ Այս թատերասրահի հանրային տարածքներուն մէջ ամենավերջին արուեստագիտութիւնը եւ բաժնեկցուած տարածքը իրարու կը հանդիպին, իրար կ՛ամբողջացնեն եւ կը ստեղծեն թրթռուն միջավայր մը։
Վերջին տարիներուն փորձառութիւնս ընդլայնած եմ ուսումնական համալիրներով։ Ղեկավար դիրք ստանձնած եմ Լոս Անճելըսի քաղաքային (civic) եւ ուսումնական (academic) շէնքերու շինարարական շարժման մէջ։
Իմ գծած ուսումնական եւ քաղաքային շէնքերը կարեւորութիւնը կը ներկայացնեն հանրային տարածքներու՝ ակադեմական ուսումնաբակերուն (campus) մէջ, եւ յատուկ շեշտ կը դնեն սորվելու տարածքներու (learning space) յաւելեալ սփռման եւ ծաւալման վրայ՝ շէնքերուն մէջ եւ շէնքերուն շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ ստեղծել միջավայրեր, որոնք կը դիւրացնեն շէնքերը գործածողներուն փոխյարաբերութիւնները եւ փոխադարձ ազդեցութիւնը՝ աւելի առողջ եւ աւելի յարաբերական ծիր մը ստեղծելով։
Ուսումնական շէնքերէս օրինակներ են՝ Սանթա Մոնիքայի համալսարանի Թատերական արուեստի կեդրոնը (Santa Monica College Performing Arts Center), Արեւմտեան Լոս Անճելըսի համալսարանի Աշակերտական ծառայութիւններու կեդրոնը (West LA College Student Services Center) եւ այլն։
Վերջին տարիներու գործերս կ՛ընդգրկեն նաեւ բազմընտանեկան բնակարանային շէնքեր եւ անձնական տուներ (ինչպէս՝ Հոլիվուտ Հիլզի բնակարանը), ուր կը փորձարկեմ շէնքին եւ իր անմիջական շրջապատին յարաբերութիւնները, կը ջանամ գծել տուներ, որոնք կը բացուին դէպի բնութիւնը եւ կը փորձեն ջնջել ներքին-արտաքին սահմանը։
Ինծի համար յատուկ կարեւորութիւն ունի ստեղծել նորարարական ճարտարապետութիւն մը, որ վերակենդանացնէ հայ ճարտարապետութեան պատմական դերակատարութիւնը միջազգային մշակոյթի յառաջխաղացքին մէջ։
Այս գծով ճիգերս կը ներառնեն նորարարական ծրագիրներ, օրինակ՝ ԼԵՐ պանդոկային համալիրը Երեւանի մէջ, որ կը վերամեկնաբանէ Հայաստանի լեռնային բնութիւնը իբրեւ ճարտարապետութիւն։ Դարձեալ Երեւանի մէջ, ԱՅԲ հիմնարկին համար Սեւ եկեղեցի մը, որ միաժամանակ իբրեւ ժողովրդային տուն կրնայ գործածուիլ։ Այս եկեղեցին կը վերառնէ հին հայկական եկեղեցիներու կլոր յատակագիծերը եւ միաժամանակ ձեւակերպուած է՝ նման քանդուած հայ եկեղեցիներուն, այս ձեւով առնչութիւն մը հաստատելով մեր պատմութեան եւ ճարտարապետութեան միջեւ։
Դժբխտաբար, այս երկու նորարարական ծրագիրները չեն գործադրուած։
ԺՈՒԼԻԷԹ ԴԱՒԹԵԱՆ.- Մրցանակներ, գնահատագրեր ստացե՞լ էք…
ՀՐԱԶԴԱՆ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Գծարուեստի բազմաթիւ մրցանակներ ստացած եմ, ներառեալ՝ 3 ամերիկեան ազգային ճարտարապետական պարգեւներ Շիքակոյի Աթընէումէն։ Գործերս պարգեւներ ստացած են Ամերիկայի ճարտարապետներու հիմնարկութեան Ազգային արդարութեան կաճառէն, Ամերիկայի ճարտարապետներու հիմնարկութեան Քալիֆորնիոյ խորհուրդէն եւ Ամերիկայի ճարտարապետութեան խորհուրդի շարք մը տեղական խորհուրդներէ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ։
Ճարտարապետական աշխատանքներս տպագրուած են համաշխարհային գծարուեստի մամուլին մէջ՝ Domus-ի (Իտալիա), L՛Arcca-ի (Մոնաքօ) մէջ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի գծարուեստի կեդրոնական մամուլին մէջ՝ Architectura/Record-ի, Architect-ի, Form-ի եւ Contract Design-ի մէջ։
Ես կը հաւատամ, որ ճարտարապետները պէտք է ջանադրեն ընդլայնել քաղաքացիներու իրազեկութիւնը Կանաչ շինարարութեան (Sustainable Design) մասին։ Կանաչ շինարարութիւնը կը գործածէ վերօգտագործուած (recycled) շինանիւթեր եւ կը նուազեցնէ ելեկտրուժի ու ջուրի գործածութիւնը շէնքերուն մէջ, մինչեւ իսկ ի գործ կը դնէ ելեկտրուժի տեղական ինքնարտարդրում, շէնքերու պահանջներուն գոհացում տալու համար։
Կը հաւատամ, որ ճարտարապետները պէտք է օգնեն քաղաքագէտներուն, որ անոնք եւս դիւրացնեն Կանաչ շինարարութեան գործադրութիւնը օրէնսդրութեամբ եւ վարչամեթոտներու ընդմէջէն։
Նկատի ունենալով իմ ճիգերս այս գծով, Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Արնոլտ Շուարցնեկըր զիս նշանակեց զոյգ պաշտօնաշրջաններու Քալիֆորնիոյ ճարտարապետներու յանձնաժողովի անդամ, իսկ Լոս Անճելըսի նախկին քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլարէյկոսա զիս անդամ նշանակեց Քաղաքապետի ճարտարապետական խորհուրդին, ուր կը շարունակեմ ծառայել մինչեւ այսօր։
ԺՈՒԼԻԷԹ ԴԱՒԹԵԱՆ.- Ուրիշ ի՞նչ կ՛ուզենայիք կիսել մեզի հետ։
ՀՐԱԶԴԱՆ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Վերջերս գոյութիւն ունի կարեւոր ծրագիր մը՝ Հայ-ամերիկեան թանգարան ստեղծել Կլենտէյլի մէջ։ Ասիկա հիմնարար ծրագիր մըն է, որ առիթ կրնայ հանդիսանալ սփիւռքեան հայ ճարտարապետութեան լուրջ գործի մը ստեղծման՝ սփիւռքահայ նորարար ճարտարապետի մը կողմէ։ Դժբախտաբար, ճարտարապետի որոշման եւ ճարտարապետական յղացման ներկայ գործընթացը միջակ արդիւնք մը կրնայ տալ։
Ես կը հաւատամ, որ ճարտարապետական խումբի որոշման գործընթացին պէտք է վերսկսիլ սկիզբէն։ Պէտք է նշանակուի նոր յանձնախումբ մը, որ ընդգրկէ համբաւաւոր միջազգային ճարտարապետներ։
Ճարտարապետի որոշման գործընթացը պէտք է ըլլայ ճարտարապետական մրցանք մը՝ բաց բոլոր սփիւռքահայ ճարտարապետներուն համար։ Գործընթացը պէտք է ըլլայ բաց ու թափանցիկ, եւ առիթ հանդիսանայ լուրջ մշակութային ձեռնարկներու, որոնք մասնակից կը դարձնեն գաղութը եւ ամբողջ Սփիւռքը այս կարեւոր շէնքի ճարտարապետութեան ստեղծման։
Ասպարէզ