Եուրա Մովսիսեան՝ Ամերիկեան Արհետավարժ Ֆութպոլի Յունիսի Լաւագոյն Խաղացողը

Այս տարի ամերիկեան «Ռէալ Սոլթ Լէյք» ֆութպոլի խումբին վերամիացած (Մոսկուայի «Սպարտակ»էն) յարձակողական խաղացող Եուրա Մովսիսեան հանդիսացած է ամերիկեան արհեստավարժ ֆութպոլի (MLS) Յունիս ամսուան լաւագոյն խաղացողը:

Վերջին մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականէն դուրս մնացած 28ամեայ ֆութպոլիստը «MLSsoccer.com» կայքին կատարած հարցախոյզին մէջ ստացած է ձայներուն 36.77 տոկոսը: Երկրորդ տեղը գրաւած է «Նիւ Եորք Սիթի»ի կիսապաշտպան Ճեք Հերիսըն (22 տոկոս), իսկ լաւագոյն եռեակը եզրափակած է «Ֆիլատելֆիա Եունիըն»ի միջնապահ Ռոլընտ Ալպերկ (21 տոկոս):

Յիշեցնենք, որ Յունիսին Եուրա Մովսիսեան 3 յաջորդական մրցումներու ընթացքին կօլեր նշանակած է, այս տարուան ընթացքին խումբին հետ կատարած մրցումներուն ընթացքին նշանակած կօլերուն թիւը 6ի հասցնելով։ Ան նաեւ կատարած է կօլային մէկ փոխանցում։

Scroll Up