Անգարան Անձագանգած է Ֆրանսայի Խորհրդարանի Որոշումին

Անգարան Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի ընդունած` ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման մասին օրինագիծը կը համարէ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող: Այդ մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Տանճու Պիլգիչը։

Ան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ ուշադիր պիտի հետեւին օրինագիծի քննարկման եւ ընդունման գործընթացին: Եթէ օրինագիծը ընդունուի իր ներկայ տեսքով, «խօսքի ազատութեան սահմանափակման» վտանգներ կը պարունակէ: «Մենք պիտի շարունակենք հետեւիլ Ֆրանսայի Ծերակոյտի գործընթացին: Յոյս ունինք, որ ֆրանսական Ծերակոյտը հանէ այն տարրերը, որոնք կը սահմանափակեն խօսքի ազատութիւնը»,— ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Scroll Up