Ակնարկ. Մէկ Քարով Մէկէ Աւելի Թռչուններ Հարուածելու Փորձ Մը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/davitoghlu.jpg)
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Պեռնի մէջ իր զուիցերիացի պաշտօնակիցին հետ հանդիպումէն ետք տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Անգարա ո՛չ միայն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր կը նկատէ, այլ նաեւ ներկայիս «շինիչ գաղափարներ» զարգացնելու եւ յառաջ մղելու ձեւեր, ինչպէս նաեւ նոր մտածելակերպեր կը փնտռէ: Սակայն իր խօսքը շարունակելով, ան որեւէ նորութիւն չյայտնեց, այլ արձանագրութիւններու հարցը ղարաբաղեան հակամարտութեան կապող թրքական աւանդական կեցուածքը կրկնեց եւ այդ երկուքը ներկայացուց իբրեւ մէկ թղթածրար: Տաւութօղլուի այս արտայայտութիւնը «աւետիսին» շուրջ ստեղծուած նուազագոյն հետաքրքրութիւնն իսկ սպաննեց, որովհետեւ իրողական գետնի վրայ «շինիչ գաղափարներու» եւ «նոր մտածելակերպերու» չգոյութեան մասին վկայեց: Թուրքիոյ կեցուածքին մէջ խորքային փոփոխութիւն մը նշմարելի չէ, եւ անոր ուզածը այդ հոլովոյթի ձեւական վերականգնումն է, որուն հետապնդած նպատակներէն մէկը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին երկխօսութեան պատրանքներ ստեղծելով` այդ ոգեկոչման «վնասակար» ազդեցութիւնները մեղմացնելն է: Թրքական կողմը` վստահաբար, յառաջիկային եւս այդպիսի պատրանքներ ստեղծելու այլ նախաձեռնութիւններու պիտի դիմէ:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետին կողմէ ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն 4-ամեակին անդրադառնալու եւ այդ յայտարարութիւնները միջնորդ ու ստորագրման վայր Զուիցերիոյ մէջ կատարելու իրողութիւնը զուգադիպութեան մը արդիւնքը չէ, այլ` Թուրքիոյ «անկեղծութեան» եւ «լրջութեան» պատգամը ամրապնդելու նպատակ հետապնդող հնարք մը: Սակայն այս կանխամտածուած քայլին դրդապատճառը միայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը չէ:
Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն լոյսին տակ` «Զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» սկզբունքով առաջնորդուող Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը անել կացութեան մը մատնուած է, եւ թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն իրենց դիմաց փակուած արաբական դռներուն փոխարէն հայկական պատուհան մը բանալով` մահաքունի մէջ գտնուող այդ քաղաքականութեան համար շնչելու օդ ապահովել եւ դուրս գալ իրե՛նց իսկ ստեղծած անբաղձալի կացութենէն: Սակայն անոնք պէտք է նկատի ունենան, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հարցին կապող յանկերգը կրկնելը կ՛ապահովէ ստեղծուած քառամեայ անելին շարունակութիւնը միայն:
Միւս կողմէ` Արեւմուտքի հովանաւորութեամբ եւ մեղսակցութեամբ ստորագրուած այդ արձանագրութիւններու հարցը, 10 հոկտեմբեր 2009-էն չորս տարի ետք, դարձեալ օրակարգի վրայ բերելու փորձը կարելի է նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրէն հրաժարելով` Մաքսային Միութեան միանալու Երեւանի որոշումին առնչել: Բացառուած չէ, որ Տաւութօղլուի քայլը նաեւ արեւմտեան «ներշնչումի» մը արդիւնքն է եւ Երեւանի վրայ Արեւմուտքի ազդեցութեան մէկ մասը «փրկելու» եւ կարելիութեանց սահմաններու մէջ պահպանելու նպատակ կը հետապնդէ:
Վերոնշեալներէն կարելի է եզրակացնել, որ Պեռնի մէջ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը մէկ քարով մէկէ աւելի թռչուններ հարուածելու փորձ մըն է:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ