Հակառակորդը Շփման Գիծի Արեւելեան Ուղղութեամբ Ներթափանցման Փորձ Ձեռնարկած Է. ԼՂՀ ՊԲ

Յուլիս 7-ի լոյս 8-ի գիշերը` ժամը 03:20-ի սահմաններուն, ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան (Ակնա) ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է ներթափանցման-հետախուզական  փորձ: Այս մասին կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

ՊԲ յառաջապահ զօրամասերու կանխարգելիչ գործողութիւններու արդիւնքով` հակառակորդի ներթափանցման փորձը ձախողուած է:

Բացի  ներթափանցման փորձէն, հակառակորդը որոշ ուղղութիւններով խախտած է հրադադարի պահպանման կարգը` կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ:

ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն  կը պահպանեն առաջնագիծին մէջ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

Scroll Up