Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ժամանած Է Եկատէրինպըրկ
Հոկտեմբեր 12-ի առաւօտեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ ամենայն Հայոց Կաթողիկոս թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի եւ Եկատէրինպըրկի հայ համայնքի հրաւէրով մեկնեցաւ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմ` հանդիսապետելու Եկատէրինպըրկի նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը:
Նորին Սրբութեան կ’ուղեկցէին Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան, Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդ Տ. Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Մայր Աթոռի Վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան, Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեան, Մայր Աթոռի փոխդիւանապետ Տ. Պարթեւ աբեղայ Բարսեղեան, Մայր Աթոռի դիւանատան Եկեղեցի-հասարակութիւն բաժինի պատասխանատու Տ. Երեմիա աբեղայ Աբգարեան, Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիր Տ. Աղան աբեղայ Երնջակեան, Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ քահանայ Մելիքեան, Մայր Աթոռի Դիւանատան ընդհանուր բաժինի տնօրէն Տ. Սիփան քահանայ Գրիգորեան:
Եկատէրինպըրկի օդակայանին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետին դիմաւորեցին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեան, Սուերտլովեան մարզի փոխնահանգապետ Եակով Սիլինը, ՌԴ մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլեկ Եսայեան, Եկատէրինպըրկի հայ համայնքի նախագահ Մասիս Նազարեան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արիստակէս քահանայ Յովհաննիսեան, քաղաքային իշխանութիւնները եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Աւանդական աղ ու հացի արարողութենէն եւ ողջոյնի խօսքերէն ետք Գարեգին բ Կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Սուերտլովեան մարզի նահանգապետարան, ուր տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Սուերտլովեան մարզի նահանգապետ Եւգենի Կոյուաշեւի հանդիպումը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՌԴ մօտ ՀՀ
արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլեկ Եսայեան, «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Լեւոն Սարգսեան, ԱԺ պատգամաւոր Վարդան Այվազեան, Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեան եւ ՀՀ ՊՆ փոխնախարար Մելս Չիլինգիրեան:
Զրոյցի ընթացքին նահանգապետ Կոյուաշեւը ջերմօրէն ողջունեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ պատմական ու պարտաւորեցնող նկատեց աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդի այցը Սուերտլովեան մարզ եւ մասնաւորապէս Եկատէրինպըրկ քաղաք: Իր խօսքին մէջ նահանգապետը գնահատանքով անդրադարձաւ հայ եւ ռուս բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի` մարզի կեանքի
տարբեր ոլորտներուն մէջ ունեցած կարեւոր մասնակցութեան: Նահանգապետը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին նորակառոյց եկեղեցւոյ բացման առիթով` վստահութիւն յայտնելով, որ այն նոր խթան կ’ըլլայ հայ համայնքի հոգեւոր կեանքին համար:
Իր հերթին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրընկալ ոգիի եւ ջերմ ընդունելութեան համար, անդրադարձաւ երկու հաւատակից ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ ներկայիս սերտ համագործակցութեան: Նորին սրբութիւնը գոհունակութեամբ փաստեց, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ հայ ժողովուրդի զաւակները կրնան ազատօրէն կազմակերպել իրենց հոգեւոր-ազգային կեանքը, իրենց կարեւոր ներդրումը բերել Ռուսաստանի զօրացման ու յառաջընթացին: Այս առնչութեամբ Վեհափառ Հայրապետն ի դէմս նահանգապետին իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց Սուերտլովեան մարզի նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւններուն` հայ համայնքի նկատմամբ ցուցաբերուող բարեացակամ վերաբերմունքին համար, որու վկայութիւն է նորակառոյց Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցին եւ հայ համայնքի մշակութային
արգասաւոր կեանքը:
Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկրամասի եւ քաղաքի հասարակական եւ հոգեւոր կեանքին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն: