Գիւմրին Դիմաւորեց Ապրիլեան Պատերազմի Իր Հերոսը

Գիւմրին ցնծութեամբ դիմաւորեց Ապրիլ 4-ին` քառօրեայ պատերազմին հերոսաբար մարտնչած, եւ մարտական դիրքին մէջ մօտ 1200մ հեռաւորութենէն «ֆագոտո՛վ» հակառակորդի 3 հրասայլ ոչնչացուցած եւ անոր յառաջխաղացումը կասեցուցած գիւմրեցի Շուլի Յակոբեանը: Շուլին ծառայած է պաշտպանութեան բանակի Մատաղիսի զօրամասին մէջ, որպէս հակատանկային մարտկոցի 1-ին դասակի 1-ին ֆագոտ հաշուարկի հրամանատար, աւագ քսանապետ:
Պատերազմական օրերուն հէնց առաջին հարուածները տեսած եւ առաջին հակահարուած տուած գիւմրեցի հերոսը այսօր կը պատմէ անցած օրերուն եւ իր 20-ամեայ աչքերով տեսած պատերազմին մասին: «Մարտակա՛ն գործողութիւնները լրիւ յանկարծակի եղան, մենք գտնւում էինք զօրամասում, ընդամէնը կէս ժամուայ ընթացքում հասցրել ենք գնալ թաքստոցներ, եւ սկսուել է հրետակոծութիւնը գրադ T-30, T-20 հերտանային հրանօթներից եւ կայանքների՛ց»:
Շուլի Յակոբեան կը պատմէ, մինչ պատերազմի սկսիլը չէին ալ կրնար պատկերացնել, թէ ատիկա իրականութեան մէջ ինչ է, շատ անգամներ տղաներով գլուխ գովեր են, թէ ես այսպէս կ’ընեմ, այնպէս կ’ընեմ: Այսօր արդէն հայրենիքի պաշտպանութեան համար հերոսացած զինուորը կը խոստովանի. ՛՛ Կռիւն էնպէս բան է, որ դու չխփես, քեզ են գալու խփելու, յետոյ քո հետեւինին, յետոյ` քո հարազատին: Այդ ամէնը հասկանալով բոլորս էլ պատրաստ ենք բարձրանալ խրամատի գլուխ, թէկուզ վազել մարտի դաշտով առաջ, դէպի իրենց խրամատը` նրանց ոչնչացնելու, վնաս տալու, յարձակումը ետ մղելու համա՛ր»:
Շուլին այսօր արդէն հայրական օճախ վերադարձած է, բայց ամէնէն շատ կ’ափսոսայ, որ այն տղաները, որոնք իրօք հերոսութիւն կատարած են, չեն տեսներ եւ չեն կրնար վայելել այս շքեղ դիմաւորումը: «ճի՛շդ է, լաւ յուշեր կան, բայց շատ մարտական ընկերներ եմ կորցրել, որոնց հետ կողք-կողքի եմ կռուել, բայց նրանք հիմա իմ կողքին չեն: Իրենց արածը սխրանք է, հերոսութիւնն էլ է քիչ, որ բնութագրե՛նք», – Ankakh.com-ի փոխանցմամբ` կ’ըսէ Շուլին ու կ’աւելցնէ, այն ինչ տեսած է մարտի դաշտին, կեանքի իւրօրինակ դաս եղած է: