Լարսի Ճանապարհը Բաց Կ’ըլլայ Այսօր Ժամը 05:30-20:00

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Յուլիս 7-ին ժամը 09.00-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին մէջ ճանապարհները անցանելի են:

Վրաստանի ՆԳՆ ԱԻ բաժանմունքէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն այսօր` Յուլիս 7-ին ժամը 05.30-էն մինչեւ 20.00 Լարսի ճանապարհը կը բացուի, իսկ երեկոյեան ժամերուն, անվտանգութեան նկատառումներէն ելլելով, կրկին կը փակուի:

Ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի ինքնաշարժներու համար հետեւեալ կանոններու պահպանման պարագային.

միաժամանակ երկու կողմերէն հանդիպակաց երթեւեկութիւնը կ’արգիլուի
երթեւեկութիւնը պէտք է իրականացուի առանց կանգառներու
սաստիկ տեղումներու պարագային արգիլել  փոխադրամիջոցներու երթեւեկութիւնը:

Երթեւեկութիւնը նշուած կարգով կ’իրականացուի պարեկային ոստիկանութեան անմիջական վերահսկման եւ համակարգման ներքոյ:

 

Scroll Up