Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Համաուղղափառ Եպիսկոպոսաց Ժողովին

Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պարթոլոմէոս Տիեզերական պատրիարքի գլխաւորութեամբ, Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ գտնուող Ուղղափառ եկեղեցւոյ ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Համաուղղափառ եպիսկոպոսաց ժողովը, որուն մասնակցեցան Արեւելեան ուղղափառ  տասնչորս եկեղեցիներու պետերը:

Այս ժողովը հազարամեակէ մը ի վեր սպասուած մեծ ժողովն էր: Տիեզերական պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած էին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները, բերելու իրենց մասնակցութիւնը այս ժողովին` դիտողի հանգամանքով: Արամ Ա. վեհափառին տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, սոյն ժողովին  մասնակցեցաւ Կոմիտաս արք. Օհանեանը:

Ուղղափառ եկեղեցւոյ «Մեծ եւ Սուրբ» Սինոտը,  ինչպէս բնորոշուեցաւ այս ժողովը, տեւեց մէկ շաբաթ` 19-էն 26 յունիս: Անոր իրագործումը երկար,  աւելի քան յիսուն տարիներու սպասումի եւ  հետեւողական աշխատանքի արդիւնքը եղաւ, որուն յաջողութեան համար աշխատեցան Արեւելեան ուղղափառ բոլոր եկեղեցիներուն պատասխանատուները:

Ժողովի օրակարգերն էին.-

– Ուղղափառ եկեղեցիին առաքելութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ. արժէքը մարդկային անձին.  ազատութիւն եւ պատասխանատուութիւն. խաղաղութիւն  եւ պատերազմի արգելքը:

– Ուղղափառ եկեղեցին տարբերութիւններու դիմաց:

– Առաքելութիւնը Ուղղափառ եկեղեցւոյ իբրեւ վկայութիւն` սիրոյ եւ ծառայութեան:

– Ուղղափառ սփիւռքը եւ եկեղեցական կանոնականութիւնը: Այս ուղղութեամբ, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոններէն դուրս, տասներկու նոր շրջաններ նշանակուեցան  ամբողջ աշխարհին մէջ:

– Պահեցողութեան կարեւորութիւնը եւ անոր այժմու պահպանման ձեւը:

– Ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները քրիստոնեայ աշխարհին հետ: Այս առնչութեամբ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ խումբէն դուրս գտնուող բոլոր եկեղեցիները «Այլափառ խոստովանողներ» կոչուեցան: ժողովը յայտարարեց, թէ Ուղղափառ եկեղեցին կը շարունակէ երկխօսութիւնը միւս եկեղեցիներուն  հետ:

Scroll Up