«Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» Ազ­գա­յին ­Միջ­նա­կարգ ­Վար­ժա­րա­նի 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նի տե­ղե­կա­գի­րը

Ներ­կա­յա­ցո­ւած՝ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն պր. ԲԱԲԳԷՆ ԳԱՍԱՊԵԱ­Նի կող­մէ, ­Միջ­նա­կար­գի ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սին:

Սր­բա­զան Ա­րա­րատ լե­րան դի­մաց, ա­զա­տա­տենչ ­Նա­հա­պետ ­Հայ­կի ո­գիով հիմ­նար­կո­ւած մեր ա­ռա­ջին օ­ճա­խը՝ ա­զա­տու­թեան եւ առ­նու­թեան մեր օ­ճա­խը, դա­րեր շա­րու­նակ ծնաւ ու կը ծնի հե­րոս­ներ, ո­րոնք ի­րենց նրշնչման ու­ժը կ­՛առ­նեն հայ­րե­նի­քի օ­դէն, հո­ղէն եւ նոյ­նիսկ մո­խի­րէն:

Այս­պէս՝ հայ­րե­նի­քը եր­գող ­Սիա­ման­թո­յի մօտ Ափ մը հայ­րե­նի ­Մո­խի­րը իր ա­ճիւնին հետ խառ­նո­ւե­լով փիւ­նի­կի նման պի­տի վե­րա­կեն­դա­նա­նար ու վե­րա­նար իր ա­զա­տա­սէր, հայ­րե­նա­սէր ո­գին. թե­ւեր պի­տի առ­նէր ու սլա­նար տա­րա­ծուելով ի սփիւռս աշ­խար­հի: ­Պի­տի մտնէր իւրաքան­չիւր հա­յու օ­ճախ ջեր­մաց­նե­լու բոլոր փոք­րե­րու հո­գի­նե­րը, ո­րոնք ծուռ ու շիտակ կը դող­դո­ջեն մեր մայ­րե­նին:

Հե­տե­ւա­բար մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւա­ծը՝ գե­ղե­ցի­կին ու բա­րիին վախ­ճա­նը չէր, այլ ան­կէ ծնունդ ա­ռած, ա­ռա­ւել կո­փո­ւած, այն հունտն ու ծի­լի մա­սին, որ պի­տի ա­ճէր ու հա­սակ առ­նէր մեր պա­տա­նի­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մէջ՝ պատ­րաս­տե­լով այն հա­յե­րը, ո­րոնք հայ­րե­նի­քի սէրն ու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը պի­տի գե­րա­դա­սէին ի­րենց անձ­նա­կան քնքուշ կեան­քին: ­Հա­յեր՝ ո­րոնց պի­տի հե­տաքրք­րէր ո՛չ ա­թոռ, ո՛չ գանձ, ո՛չ փառք, ո՛չ հարս­տու­թիւն:

Պի­տի պայ­քա­րէին ան­խոնջ ու նա­հա­տա­կո­ւէին, ու­նե­նա­լով փայ­տէ խաչ մը շի­րի­մին: Ո՛չ մէկ ու­րիշ ար­ձա­նա­գիր, ո՛չ տա­պան:
Պատ­մու­թեան խոր­քէն ե­կած մեր հե­րոս­նե­րուն քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը չմնա­ցին լոկ յի­շա­տակ. Ար­ցա­խը վկայ, իր Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի ա­ռիւ­ծա­սիրտ զա­ւակ­նե­րով: Եւ ա­ւե­լին, այդ ո­գին ար­դէն ծիլ տո­ւած է դպրո­ցիս ա­շա­կերտ­նե­րուն փա­փուկ սիր­տե­րուն մէջ:

Դա­սա­րան­նե­րէն ներս կա­տա­րած մեր զրոյց­նե­րը վկայ, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Հայ ­Զի­նո­ւո­րին ու­ղար­կած ի­րենց նա­մակ­նե­րը: Ար­ցա­խին յատ­կա­ցո­ւած դրա­մա­հա­ւա­քին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը: Եւ վեր­ջա­պէս, ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ այ­ցե­լե­լու ի­րենց ջեր­մա­գին ցան­կու­թիւ­նը վկայ:

Պատ­մու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ լաւ ճանչ­ցող մեր զա­ւակ­նե­րը, կրե­լով ­Նա­հա­պետ ­Հայ­կի ո­գին՝ տէր պի­տի կանգ­նին մեր պատ­մու­թեան եւ ար­ժէք­նե­րուն, թոյլ պի­տի չտան բիրտ ո­սո­խին՝ իր նենգ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման:
Այս ա­ռի­թով կ­՛ու­զեմ յայ­տա­րա­րել, թէ այս տա­րի եւս, մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը պի­տի մաս­նակ­ցին դէ­պի ­Հա­յաս­տան ուխ­տագ­նա­ցու­թեան:

Հե­տե­ւա­բար, բա­ցա­ռիկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու սե­րունդ մը եւս հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ այ­ցե­լե­լու ­Մայր ­Հայ­րե­նի­քի եր­կու քոյր բա­ժին­նե­րէն ա­ռայժմ միայն ­Հա­յաս­տան, իսկ Ար­ցա­խը՝ տեղ­ւոյն վրայ կ­՚ո­րո­շենք:
Կր­կին ան­գամ ե­րախ­տա­պարտ ենք Հ.Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, որ տնտե­սա­կան նեղ կա­ցու­թիւ­նը ան­տե­սե­լով, ո­րո­շեց գու­մա­րով մը նե­ցուկ կանգ­նիլ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու փա­փա­քի ի­րա­կա­նաց­ման:

Գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­ներ
Սի­րե­լի Ծ­նող­ներ,

Դպ­րո­ցիս տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ու­րա­խու­թեամբ ու հպար­տան­քով կ’ու­զէ յայ­տա­րա­րել 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը.-

Ա. ­Դա­սա­րան

I.­Նա­ճա­րեան Ա­լեք­սան 19 09/14
II.­Հի­թեան Ար­տե­միս 19
III.Այ­վա­զեան Ա­րիս 19
IV.­Մէն­շեան Ք­րիս­տա­փոր 18 12/14
V.­Սա­մո­ւէ­լեան ­Սեր­գօ 18 10/14
VI.­Քե­րո­բեան Ա­նի 18 07/14

Բ. ­Դա­սա­րան

I.­Փա­փա­զեան ­Թո­րոս 19 09/15

Գ. ­Դա­սա­րան

I.­Ճա­նի­կեան Է­միլ 19 06/15
II.­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան ­Նա­թա­լի 19 04/15
III.­Լա­զա­րեան Ի­լիա 19 02/15

Սր­տանց կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­նե­րը՝ մաղ­թե­լով նրանց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ:

Մր­ցա­նակ­ներ

Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, տնօ­րէ­նու­թեանս հետ հա­մա­խոր­հուրդ, հաս­տա­տած է մրցա­նակ մը` հա­յե­րէ­նի մէջ լա­ւա­գոյն ճի­գը ցու­ցա­բե­րող եւ հա­մա­պա­տաս­խան ար­դիւն­քի հաս­նող ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տին հա­մար: Մր­ցա­նա­կը կը կազ­մէ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մին անվ­ճար մաս­նակ­ցու­թիւն` Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հո­գա­տա­րու­թեամբ: Այս տա­րի մրցա­նա­կը կը շնոր­հենք ­Լա­զա­րեան Ի­լիա­յին:

Ցն­ծու­թեամբ կը յայտ­նենք, որ այս տա­րի եւս մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն կը շնոր­հուի ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­րաշ­նորհ Տ. ­Խո­րէն Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Տող­րա­մա­ճեա­նի հաս­տա­տած «Ե­կէք ճիշդ գրենք մեր մայ­րե­նի լե­զուն» կրթա­կան մրցա­նա­կը` ի յի­շա­տակ տի­րա­հայր եւ տի­րա­մայր ­Յա­կոբ եւ ­Նա­զե­լի ­Տող­րա­մա­ճեան­նե­րուն: Մր­ցա­նա­կը կը կազ­մէ 200 եւ­րո­յի հա­մար­ժէք նո­ւէր մը, որ պի­տի տրո­ւի մայ­րե­նիի քե­րա­կա­նու­թեամբ հե­տաքրքրուող, ճիշդ գրող եւ հա­մա­պա­տաս­խան ար­դիւն­քի հաս­նող ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տին: Այս տա­րի սոյն մրցա­նա­կը կը շնոր­հենք ­Յա­րու­թիւ­նեան Ա­ղաւ­նիին, ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան ­Նա­թա­լիին եւ ­Սա­մո­ւէ­լեան ­Սա­մո­ւէ­լին:

Նաեւ ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նենք, որ հայ­րե­նա­սէր յար­գար­ժան անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը 500 եւ­րօ գու­մար մը կը նո­ւի­րէ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի այն ա­շա­կեր­տին, որ միջ­նա­կար­գի ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին իւ­րա­յա­տուկ հե­տաքրքրու­թիւն եւ սէր ցու­ցա­բե­րած է հա­յոց լե­զուի եւ պատ­մու­թեան նկատ­մամբ: Ա­ռա­ւել եւս ժիր ու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան, Ս­կաու­տու­թեան եւ կամ ­Հա­մազ­գա­յի­նի բա­ժին­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կէն ներս: Այս տա­րի մրցա­նա­կը կը շնոր­հենք Ճա­նի­կեան Է­մի­լին:
Կը շնոր­հա­ւո­րենք եւ մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տենք նմա­նօ­րի­նակ քայ­լեր, ո­րոնք քա­ջա­լեր կը հան­դի­սա­նան մեր ա­շա­կեր­տու­թեան` ա­ւե­լի լաւ սոր­վե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու հա­յոց լե­զո­ւի եւ պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ ի­րենց ու­նե­ցած գի­տե­լիք­նե­րը:

Շ­նոր­հա­կա­լիք

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ­Գե­րաշ­նորհ Սրբա­զան հօր, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, յա­րա­կից եւ պատ­կան մար­մին­նե­րուն, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն, ի­րենց կա­տա­րած ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին հա­մար:
Խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն Հ.Կ.Խ.ի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան՝ իր նո­ւի­րա­կան ու ան­սա­կարկ նիւ­թա­բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար:
Հ­րա­պա­րա­կա­յին շնոր­հա­կա­լու­թիւն կ’ուղ­ղենք Հ.Օ.Մ.ին, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, ­Կիւլ­պէն­կեան եւ Ա­ւե­տի­քեան հիմ­նար­կու­թիւն­նե­րուն, կրթա­սէր ազ­գա­յին­նե­րու եւ ծնող­նե­րու մեր վար­ժա­րա­նին հան­դէպ ի­րենց ցու­ցա­բե­րած բա­րեա­ցա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ շրջա­նիս քա­հա­նայ ­Տէր ­Նա­րեկ ­Շա­հի­նեա­նին:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ նաեւ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թեան, որ ո­րե­ւէ ճիգ չի խնա­յեր օգ­տա­կար դառ­նա­լու հա­մար մեր դպրո­ցի աշ­խա­տանք­նե­րուն:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք տոքթ. ­Վա­չէ Տէր-­Կա­րա­պե­տեա­նին, որ մեր վար­ժա­րան­նե­րու բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն սի­րա­յօ­ժա­րօ­րէն կը տրա­մադ­րէ ակ­նա­բոյ­ժա­կան ծա­ռա­յու­թիւն:
Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն պա­րոն Ա­լեք­սի ­Սա­րիեա­նին, որ իր ան­սա­կարկ աշ­խա­տան­քով օ­ժան­դա­կեց մեր այ­սօրուան հան­դի­սու­թեան յա­ջո­ղու­թեա­նը:

Մեր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը նաեւ կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան, նոյն­պէս «­Տեֆ­թե­րօ­վաթ­միա Էք­բէ­տեվ­սի Ալ­ֆա Ա­թի­նա»ի տնօ­րէ­նու­թեան եւ անձ­նա­կազ­մին, ո­րոնք մե­ծա­պէս օ­ժան­դա­կե­ցին մեր վար­ժա­րա­նի ան­խա­փան գոր­ծու­նէու­թեան եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ ծնո­ղա­կա­նի ան­դամ­նե­րուն:
Այս տա­րո­ւան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն, որ­պէս յի­շա­տակ, պատ­րաս­տո­ւած նուէր­նե­րուն գու­մա­րը մեզ յատ­կա­ցուց յար­գար­ժան հայ­րե­նա­սէր մը, ո­րուն այն­քան շնոր­հա­կալ ենք: Իսկ այդ նո­ւէր­նե­րը կո­կիկ տու­փի մէջ տե­ղա­ւո­րելն ու զար­դա­րե­լը կա­տա­րե­ցին տէր եւ տի­կին ­Թո­քաթ­լեան­նե­րը, ո­րոնց նոյն­պէս շնոր­հա­կալ ենք:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ պրն. ­Կա­րօ ­Պար­տագ­ճեա­նին, ձայ­նա­յին սար­քե­րու դա­սա­ւոր­ման եւ կար­գա­ւոր­ման հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի վար­չու­թեան, որ ինք­նա­բուխ տրա­մադ­րեց մե­զի projectorը:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ մեր վար­ժա­րա­նի յա­րա­կից պաշ­տօ­նէու­թեան, բո­լոր վա­րորդ­նե­րուն՝ պրն. ­Վա­հա­նին, պրն. Ան­տո­նիին, պրն. Եոր­ղո­յին եւ պրն. ­Յո­վի­կին: Ըն­կե­րակ­ցող­նե­րուն՝ տիկ. ­Վեր­ժի­նին, տիկ. Ով­սան­նա­յին, տիկ. ­Զո­ւար­թին եւ տիկ. Եոան­նա­յին, ինչ­պէս նաեւ՝ պրն. ­Թագ­ւո­րին եւ տիկ. ­Վեր­ժի­նին, ո­րոնք ի­րենց նպաս­տը բե­րին մեր աշ­խա­տանք­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան:
Վեր­ջա­պէս սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն՝ իմ բո­լոր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուս. տիկ. ­Գոլ­ցի­տա Ա­լեք­սանտ­րա­յին, տիկ. ­Փա­փաի­լիա Նաւ­սի­քա­յին, տիկ. ­Փի­փե­րի­տու Է­լէ­նիին, տիկ. Վ­լա­խո­փու­լու ­Նի­քիին, տիկ. ­Ճա­մու­զեան ­Նա­զի­կին, պրն. ­Մա­նո­լա­քոս Է­վան­կե­լո­սին, պրն. Ս­տա­մա­թա­քիս Ար­կի­րի­սին, պրն. ­Փեթ­րու ­Կոնս­տան­դի­նո­սին, ո­րոնց հա­մա­խումբ ճի­գե­րուն շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր ե­ղաւ ար­դիւ­նա­ւոր տա­րի մը բո­լո­րել:

Մեր ­Հունձ­քը

Ա­դա­շեան ­Լու­սի, ­Գա­պապ­ճեան ­Մէ­րի, ­Զա­տի­կեան ­Մե­լա­նիա, ­Թու­թուն­ճեան ­Յա­կոբ, ­Լա­զա­րեան Ի­լիաս, ­Ճա­նի­կեան Է­միլ, ­Ճուլ­հա­յեան Ար­շա­լոյս, ­Մա­յի­տո­նի ­Մա­րիա, ­Յա­րու­թիւ­նեան Ա­ղաւ­նի, ­Նա­ճա­րեան Անդ­րա­նիկ, ­Սամուէ­լեան ­Սա­մո­ւէլ, ­Վար­դա­նեան ­Տիգ­րան, ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան ­Նա­թա­լի, ­Փար­թա­մեան ­Վի­գէն։

Scroll Up