Տեղի Կ’ունենայ «Արի Տուն» Ծրագիրի Երրորդ Փուլի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Յուլիս 4-ին` ժամը 10:30-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արի տուն» ծրագիրի 2016թ. երրորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցին  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր: (Հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ)

Նշենք, որ ծրագիրի երրորդ փուլին կը մասցնակցին 130 պատանիներ ու աղջիկներ 10 երկրէ` Ռուսաստան, Ուքրանիա, Ռումանիա, ԱՄՆ, Լեհաստան, Թուրքմէնստան, Վրաստան, Ֆրանսա, Թուրքիա, Սուրիա:

Scroll Up